ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ պատժամիջոցներու վերացման եւ իրանական միջուկային ծրագրին շուրջ հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ բանակցութիւններու նոր փուլը պիտի սկսի ուրբաթ օր՝ Ժընեւի մէջ փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրութեան պահէն։ Այս մասին յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչի։
«Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրը վերջնականապէս համաձայնեցուած է կիրակի օր եւ մօտ ապագային պաշտօնապէս պիտի ստորագրուի՝ հաւանաբար ուրբաթ օր, եւ աւելի ուշ որոշուելիք վայրի մը մէջ։ Միաժամանակ պիտի սկսի Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ բանակցութիւններու նոր փուլը՝ վերջնական համաձայնութեան հասնելու նպատակով»,– ըսած է ան Իրանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ պետութիւններու դեսպաններուն հետ հանդիպման ընթացքին։