Ընդդիմութեան պահանջը կը շարունակէ մնալ նոյնը ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր քաղաքական խումբի իշխանութիւնէն արագ հեռացումը։
Երեւանի մէջ արդէն 3-րդ օրն է, որ բողոքի գործողութիւնները կը շարունակուին։
Այս պահու դրութեամբ բողոքի գործողութիւններ տեղի կ՚ունենան մայրաքաղաք Երեւանի տարբեր հատուածներուն, բայց մասնաւորապէս ՝Միասնիկեան պողոտայի , Մոսկովեան-Տերեան խաչմերուկի, ինչպէս նաեւ Քոչար Կիւլպենկեան խաչմերուկին վրայ։
Կը նշուի, որ առաւօտեան ժամերէն ընթացք առած գործողութիւնները կը կատարուին յատկապէս «Հանրապետական» կուսակցութեան երիտասրդական թեւին կողմէ եւ ցուցարարները կը վանկարկեն՝ «Առանց թուրքի Հայաստան» խօսքը։
Յիշեցնենք նաեւ, որ այսօր յետմիջօրէին եւ արդէն երրորդ անգամն ըլլալով արմատական ընդդիմութեան գլխաւոր ուժ հանդիսացող ՀՅԴ-ն պիտի կայացնէ իրազեկման երթ եւ երթի մասնակիցները պիտի հաւաքուին Գարեգին Նժդեհի անուան հրապարակ, ուրկէ քալելով պիտի հասնին մինչեւ «Ազատութեան» հրապարակ։
Ընդդիմութեան պահանջը կը շարունակէ մնալ նոյնը ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր քաղաքական խումբի իշխանութիւնէն արագ հեռացումը։