Օրերս մամուլի մէջ շատ կը խօսուի երկրաշարժներու յաճախականութեան ու նաեւ ապագային Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր շրջաններու մէջ հաւանական երկրաշարժներու մասին: Այս մասին ուշագրաւ տեղեկութիւններ տարածած են լրատուական աղբիւրներ, ուր գրած են Կիպրոսի մէջ երկրաշարժի հաւանականութեան բարձր ըլլալուն վերաբերեալ:«Արեւելք» հետամուտ ըլլալով հայագաղութներէն լուրեր ներկայացնելու իր առաքելութեան արագօրէն կապ հաստատեց Կիպրոսի Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի հետ: Սրբազան հայրը Կիպրոսի մէջ այս օրերուն տիրող ընդհանուր իրավիճակին ակնարկելով մասնաւորապէս ըսաւ.-
«Երկուշաբթի 6 փետրուար 2023-ի երկրաշարժը բաւականին զգացինք Նիկոսիոյ զանազան շրջաններու մէջ եւ կրնամ ըսել կղզիի զանազան քաղաքներու մէջ, ուր նաեւ դժբախտաբար հիւսիսային շրջանէն խումբ մը երեխաներ, որոնք մեկնած էին մարզական առաքելութեամբ դէպի պատմական Հայաստան երկրաշարժի զոհ գացին եւ երկիրը անոր համար սուգ բռնեց:
Ներկայիս ցնցումներ տեղի կ'ունենան, բայց մէկ տեղ չեն եւ այնքան ալ զօրաւոր չեն ինչպէս էին 6 փետրուարի առաւօտեան ժամերուն: Յայտնեմ, որ ամենամեծ ցնցումը, որ անկէ աւելի զօրաւոր եղած էր 1996-ին էր, բայց անկէ ի վեր մեծ երկրաշարժ չէ եղած եւ մեծ վնասներու չենք ենթարկուած:
Բնականաբար Կիպրոսը նաեւ կ'իյնայ երկրաշարժի այն գիծին վրայ, եւ մարդիկ բնականաբար պիտի ըսեն, որ այն ենթակայ է երկրաշարժներու: Լուրերէն ալ կը տեղեկացնեն, թէ Փաֆոսի մէջ, Լիմասոլի մէջ փոքր ցնցումներ եղան: Երբ անձնապէս չենք զգար մեր մորթին վրայ, այդ ցնցումները հաւանաբար բնական կը թուին, բայց երբ հարցը կու գայ անձին կամ ընտանիքին կամ հաստատութեան մը, երբ վնասներ կ'ըլլան այն ատեն աւելի ահաւոր կ'ըլլայ կացութիւնը:
Մեր աղօթքն ու մաղթանքն է, որ այս ցնցումները դադրին այլեւս: Կ'ուզեմ նաեւ նշել, որ կարգ մը ընկերութիւններ, ինչպէս ուրիշ երկիրներու մէջ, սկսած են մթնոլորտ ստեղծել, թէ նոր երկրաշարժ պիտի ըլլայ, որպէսզի իրենք իրենց գործը առաջ տանին, ինչպէս օրինակ ապահովագրական ընկերութիւնները կամ շինարարական ընկերութիւնները:
Կրնամ ըսել որ Կիպրոսի տուները մեծ մասամբ երկրաշարժներուն դէմ դնելու բաւարար ներուժ ունին, բայց ամէն ինչ Աստուծոյ ձեռքն է սիրելիներ։
Որքան ալ մենք մեր տունը հաստատուն շինենք, եթէ երկրաշարժը զօրաւոր է ոչ մէկ բան իր դէմ կը կենայ:
Մեր աղօթքն ու մաղթանքն է, որ երկրաշարժներ չըլլան: Նաեւ բարոյական իմաստով երկրաշարժներ չըլլան, որպէսզի չխանգարուի մեր մարդկային նկարագիրը եւ հոգեկան աշխարհը:
Խաղաղութիւն բոլորին:
Ցաւակցութիւններ բոլոր անոնց, որոնք զոհեր ունեցան: Կը մաղթենք, որ շուտափոյթ ապաքինում ունենան բոլոր վիրաւորները եւ հիւանդութիւններ ունեցողները:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք, որ մեր հետ ուղղակի կապ հաստատեցիք մեր մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար»: