image

Բնիկ հալէպցի Մարինէ Փայասլեանի կորուստը՝ Երեւանի մէջ

 Բնիկ հալէպցի Մարինէ Փայասլեանի կորուստը՝   Երեւանի մէջ

«Արեւելք»ի Երեւանի աղբիւրէն վերահասու դարձանք, որ օրերս իր մահկանացուն կնքած է բնիկ հալէպահայ մեր հայրենակցուհի Տիկն. Մարինա Փայասլեանը (ծնեալ Խարմանճեան, 1970-ին, Հալէպ)

Սուրիան պաշարած արիւնալի պատերազմին ու յատկապէս Հալէպի շուրջ եղած դէպքերուն ի հետեւանք Տիկն. Մարինա իր զաւակներուն  հետ հայրենադարձած էր։ 

Դժուարութիւններու, դառն կեանքի միջով անցած ու վաղահասօրէն իր ամուսինը կորսնցուցած Տիկին Մարինայի մասին մեր տեղեկութիւնները նօսր են։ Սակայն մեծագոյն ապացոյցը անոր նուիրուածութեան այն է, որ հակառակ կեանքի բարդութիւններուն, տնտեսական ծանր վիճակներուն, ան կարողացած է առանձինը հասնիլ  իր ընտանիքին՝ յամառ եւ անդուլ ճիգեր գործադրելով հասակ տալ, մեծցնել ու  լաւ դիրքերու հասցնել իր երեք զաւակները՝ Պօղոսը, Մանուէլն ու Գարօլինը։ 

Եւ այդ նուիրումն արդէն հայկական երանգ ունի, ու իհարկէ առաջինը չէ այն ճակատագրին, որմէ անցած են մեր շուրջ եղող հայրենակիցներէն շատ շատերը։

Անշուշտ այս բոլորին վրայ  հարկ է աւելցնել սուրիական պատերազմի  դառն արհաւիրքները, որոնք այս կամ այն ձեւով ազդած ու խոցած են մեր  հարազատներուն սրտերն ու հոգիները։ 

Ու թերեւս այդ պայմաններու բերումով է, որ Տիկին Մարինան իր ծաղիկ հասակին հեռացաւ մեզմէ, խոր վշտի մատնելով իր ընտանեկան պարագաները, հարազատներն ու զինք ճանչցած ու իր հետ յիշողութիւն մը կիսած սիրելիները։ 

Նշենք, որ հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի, յուղարկաւորութեան  արարողութիւնը տեղի ունեցած  է  Երեւանի Մալաթիա շրջանի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։