image

ԲՀԿ-ական գործիչ Միքայէլ Մելքումեանին բռնագանձման պահանջ

ԲՀԿ-ական գործիչ Միքայէլ Մելքումեանին բռնագանձման պահանջ

Ընդհանուր դատախազութիւնը կը պահանջէ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախկին փոխնախագահ Միքայէլ Մելքումեանէն եւ անոր փոխկապակցուած անձերէն յօգուտ ՀՀ-ի բռնագանձել 15 անշարժ գոյք։

Այս մասին նշուած է դատախազութեան պաշտօնական կայքին մէջ։

Նախկին ԲՀԿ-ական պատգամաւորին ու անոր փոխկապակցուած անձանց պատկանող ունեցուածքէն բռնագանձման վտանգի տակ են նաեւ 2 փոխադրային միջոց, 1 իրաւաբանական անձի մէջ մասնակցութիւն եւ շուրջ 315 միլիոն դրամ։

Հակակոռուպցիոն դատարանը 24 հոկտեմբեր 2024-ին վարոյթ ընդունած է Ընդհանուր դատախազութեան հայցադիմումը: