image
Հրատապ լուրեր:

Բեռնափոխադրումներու հարցով Երեւանէն առաջարկ՝ Թիֆլիսին

Բեռնափոխադրումներու հարցով Երեւանէն առաջարկ՝ Թիֆլիսին

Ծովային փոխադրութեան գործակալութիւնը Հայաստանի վերաբերեալ յայտարարութիւն տարածած է, կը յայտնէ Վրաստանի Առաջին ալիքը։

«Վրաստանի տարանցիկ միջանցքը կը շարունակէ աշխատիլ գերբեռնուած ռեժիմով։ Հակառակ անոր, որ պետական ​​համապատասխան գերատեսչութիւնները կ'աշխատին անընդմէջ՝ օրը 24 ժամ, բեռնահոսքերու կառավարումը զգալիօրէն կը բարդանայ։

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ «Զեմո Լարս» սահմանային անցակէտը միակ կապող ցամաքային կէտն է, ուր գերծանրաբեռնուածութեան պատճառով տարանցիկ բեռներու մշակումը յաճախ կը յետաձգուի մի քանի շաբաթով, որ զգալի խնդիրներ կը ստեղծէ Հայաստանի Հանրապետութեան համար արագ փճացող ապրանքներու եւ սննդամթերքի, ինչպէս նաեւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու պարագային։

Ելլելով նշուած խնդիրներէն՝ ՀՀ կառավարութիւնը Վրաստանի կառավարութենէն խնդրած է ծովային փոխադրութիւնը որպէս «Լարս» սահմանային անցակէտի այլընտրանք դիտարկել, որ կը մշակէ Հայաստանի տարանցիկ բեռները՝ սննդամթերքի եւ արագ փճացող ապրանքներու, ինչպէս նաեւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու մասով։ Ծով ելք չունեցող Հայաստանի Հանրապետութիւնն աւանդաբար կ'օգտագործէ Վրաստանի նաւահանգիստները եւ միջազգային առեւտուր կ'իրականացնէ։ Այս կապակցութեամբ յատկանշական է, որ Վրաստանը դէպի ծով ելք չունեցող պետութիւններու տարանցիկ առեւտուրի միջազգային համաձայնութեան մասնակից է: Այդ համաձայնագրի համաձայն՝ դէպի ծով ելք չունեցող պետութիւնները պէտք է ազատ ելք ունենան դէպի ծով եւ ըլլան ափամերձ պետութիւններու հետ հաւասար պայմաններու մէջ՝ դէպի ծով ազատ ելքէն օգտուելու համար»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։