Այսօր Երեւանի տարբեր հատուածներու մէջ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներն ու աջակից քաղաքացիները ճանապարհներ փակած են, իրականացուցած են անհնազանդութեան խաղաղ գործողութիւններ:
ՀՀ ոստիկանութիւնը այս պահի դրութեամբ բերման ենթարկած է 49 անձ: Այս մասին յայտնեցին Ոստիկանութեան լրատուութեան վարչութենէն:
Քաղաքացիները բերման ենթարկուած են ՀՀ վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ օրէնսգրքի 182-րդ յօդուածի հիմքով:
Վերոնշեալ յօդուածը կը սահմանէ ոստիկանութեան ծառայողներու օրինական պահանջը չկատարելը: