image
Հրատապ լուրեր:

Բերման ենթարկուած է 49 ցուցարար

Բերման ենթարկուած է   49 ցուցարար

Այսօր Երեւանի տարբեր հատուածներու մէջ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներն ու աջակից քաղաքացիները ճանապարհներ փակած են, իրականացուցած են անհնազանդութեան խաղաղ գործողութիւններ:

ՀՀ ոստիկանութիւնը այս պահի դրութեամբ բերման ենթարկած է  49 անձ: Այս մասին յայտնեցին Ոստիկանութեան լրատուութեան վարչութենէն:

Քաղաքացիները բերման ենթարկուած են ՀՀ վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ օրէնսգրքի 182-րդ յօդուածի հիմքով:

Վերոնշեալ յօդուածը կը սահմանէ ոստիկանութեան ծառայողներու օրինական պահանջը չկատարելը: