«Արեւելք» իր ջերմ բարեմաղթանքները կը յղէ սիրելի բժիշկին՝ մաղթելով շուտափոյթ եւ լիարժէք ապաքինում, որպէսզի վերադառնայ իր կարեւոր ու նուիրական գործունէութեան։
Պոլսահայ յարգուած համայնքային գործիչ, Փրոֆ. Տօքթ. Թորոս Ալճան դժբախտաբար արկած մը անցուցած է․ ան սանդուխներէն վար իյնալու հետեւանքով ոտքի բեկում ստացած է։ Վիրահատական փոքր միջամտութենէ մը ետք Ալճան ներկայիս տան մէջ կը գտնուի՝ ապաքինման փուլին մէջ։
Յիշեցնենք, որ Փրոֆ. Տօքթ. Թորոս Ալճան Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան նախկին ատենապետն է եւ մօտաւոր անցեալին եղած է նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ։
«Արեւելք» իր ջերմ բարեմաղթանքները կը յղէ սիրելի բժիշկին՝ մաղթելով շուտափոյթ եւ լիարժէք ապաքինում, որպէսզի վերադառնայ իր կարեւոր ու նուիրական գործունէութեան։