image

Բարերար Յակոբ Այնթապլեանի հանդիպումը ՝Զարեհ Սինեանեանին (Լուսանկար)

 Բարերար Յակոբ Այնթապլեանի  հանդիպումը ՝Զարեհ Սինեանեանին  (Լուսանկար)

  Ամերիկահայ բարերար Յակոբ Այնթապլեանի անունը ծանօթ է մեր ընթերցողներուն։

 

Հալէպէն Միացեալ Նահանգներ գաղթած աշխատասիրութեամբ եւ մեծ ճիգերով կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարած Այնթապլեան, շնորհիւ իր ջանասիրութեան կարողացած է կարեւոր յաջողութիւններու հասնիլ։

Ուշագրաւն այն է, որ Այնթապլեան այն քիչերէն է, որոնց համար առանցքային կը համարուի Արեւմտահայերէն լեզուն։ Մեր լեզուն իր այսօրուան խնդիրներով,  դժուարութիւններով ու նաեւ մարտահրաւէրներով Այնթապլեանին համար միշտ ալ եղած են ուշադրութեան առանցք։ Ան նաեւ այս ոգին իր հետ բերած է Հայաստան եւ մեր տեղեկութիւններով ալ այդ առումով ունի բազում ծրագիրներ։

Այնթապլեանի պարագային ուշագրաւն այն է, որ ան ի հեճուկս ամէն տեսակի անյարմարութիւններու իր տեսակէտներէն չի հրաժարիր ու հարկ եղած պահուն ալ իր արդարացի քննադատութիւնները առ որ անկ է։

 Օրերս Այնթապլեան այցելութիւն մը տուած էր ՀՀ Սփիւռքի յանձնակատար ՝Զարեհ Սինանեանին ու այդ առթիւ ալ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն հետ կը կիսենք վերջինիս գրասենեակին կողմէ հրապարակուած լրատւութիւնը։

Սփիռքի գործերի գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանն հանդիպեց սփիւռքահայ բժիշկ Յակոբ Այնթապլեանի և ֆիզիքոս Յակոբ Ագանեանի հետ: 

«Անգնահատելի է ձեր դերը ինչպես 1988 թուականի աղէտալի երկրաշարժի ժամանակ օգնութիւն տրամադրելու, այնպես էլ յետագայում Հայաստանում բժշկութեան ոլորտում կատարած զգալի ներդրումների և թողած աւանդի հարցում», - ընդգծեց Գլխաւոր հանձնակատարը: 

Այնուհետեւ Զարեհ Սինանեան նշեց, որ բարձր է գնահատում հայ բժիշկ, սրտաբան, բժշկական գիտությունների դոկտոր, բրոֆէսօր Յակոբ Այնթապլեանի կողմից Հայաստանի կրթական համակարգում ներդրումներ անելու ցանկութիւնը: