image

Բարձր կը գնահատեմ մեր միջեւ հաստատուած կառուցողական երկխօսութիւնը. Փութին շնորհաւորած է Փաշինեանը

Բարձր կը գնահատեմ մեր միջեւ հաստատուած կառուցողական երկխօսութիւնը. Փութին շնորհաւորած է Փաշինեանը

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ծննդեան օրուան առթիւ շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը: Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Յարգելի Նիկոլ Վովայի,

Ընդունեցէք անկեղծ շնորհաւորանքներս Ձեր ծննդեան օրուան կապակցութեամբ:

Բարձր կը գնահատեմ մեր միջեւ հաստատուած կառուցողական երկխօսութիւնը։ Կարեւոր է, որ չնայած միջազգային ծանր իրավիճակին, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւնները կը շարունակեն յաջող զարգանալ։

Լիայոյս եմ, որ համատեղ պիտի շարունակենք աշխատանքը երկկողմ եւ տարածաշրջանային օրակարգի արդի հարցերու շուրջ:

Կը մաղթեմ Ձեզի քաջառողջութիւն, երջանկութիւն, բարեկեցութիւն եւ յաջողութիւններ պետական գործունէութեան մէջ»: