Փետրուար 19-ին ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան տեղամասին մէջ զինծառայող, շարքային Հայկ Արամի Պետրոսեանը դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ ստացած է հրազէնային մահացու վիրաւորում: Այս մասին յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Դէպքի հանգամանքները լիարժէք պարզելու նպատակով կը տարուի քննութիւն:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: