image

Բագրատ Սրբազան «Աւելի Զգոյշ Ըլլանք Տաւուշի Մասին Տեղեկութիւններ Փոխանցելու Ժամանակ»

Բագրատ Սրբազան «Աւելի Զգոյշ Ըլլանք Տաւուշի  Մասին  Տեղեկութիւններ Փոխանցելու  Ժամանակ»

Հայաստան-  Հայաստանեայց Առաքելական  եկեղեցւոյ  Տաւուշի  մարզի նորանշանակ Առաջնորդ Տ.  Բագրատ  Եպս. Գալստանեան  հայրենի լրատուական  կայքերուն ուղղելով իր խօսքը անոնցմէ պահանջած է  աւելի զգօն  ըլլալ Տաւուշի մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու ժամանակ: Սրբազանը, որ  այս մասին Ֆէյսպուքեան  գրառում մը կատարած է նաեւ  գրած է, թէ  Տաւուշի   բոլոր սահմանային հատուածները կը մնան   հայոց  բանակի  եւ հրամանատարութեան ամբողջական վերահսկողութեան տակ: Նշենք, որ  հակառակորդը  երէկ   տարբեր տրամաչափի    փամփուշտներ  արձակած էր  Տաւուշի  խաղաղ բնակավայրերուն   ուղղութեամբ: