image

«Բացարձակ ապատեղեկատւութիւն է». ԱՄՆ արտաքին գործոցը՝ պրիւքսէլեան պայմանաւորուածութիւններու մասին

«Բացարձակ ապատեղեկատւութիւն է». ԱՄՆ արտաքին գործոցը՝ պրիւքսէլեան պայմանաւորուածութիւններու մասին

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքած է ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ ՀՀ-ԵՄ-ԱՄՆ բարձր մակարդակի հանդիպման վերաբերեալ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու մէջ տարածուած լուրերը, թէ իբր եռակողմ բանակցութիւններու ընթացքին ռազմաքաղաքական պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են ՀՀ-էն ռուսական ռազմակայանի եւ սահմանապահներու դուրսբերման շուրջ։ Որոշ լրատուամիջոցներ հրապարակած էին անգամ «փաստաթուղթի» լուսանկարը:

«Այդ փաստաթուղթը բացարձակ ապատեղեկատւութիւն է, անվտանգութեան հարցեր օրակարգի մէջ չեն եղած։ Կոչ կ՚ընենք ուսումնասիրելու ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման արդիւնքներով ԵՄ-ի եւ Հայաստանի հետ համատեղ մամուլի հաղորդագրութիւնը։

ԵՄ-ի եւ Հայաստանի հետ պրիւքսէլեան հանդիպումը կեդրոնացած էր բացառապէս Հայաստանի տնտեսական դիմակայունութեան վրայ, քանի որ երկիրը կ՚աշխատի իր առեւտրային գործընկերութիւններու բազմազանացման եւ մարդասիրական կարիքներու լուծման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ աջակցելու Հայաստանի ընթացիկ բարեփոխումներուն, ներառեալ այնպիսի ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են ժողովրդավարութիւնը եւ օրէնքի գերակայութիւնը»,- ըսած են արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն՝ պատասխանելով ատրպէյճանական Azertac պետական գործակալութեան հարցման։