image

Ազնաւուրի յիշատակին. Հանրապարտէզ՝ Մարսէյլի մէջ, լուսանկարչական ցուցահանդէս՝ Երեւանի մէջ

Ազնաւուրի յիշատակին. Հանրապարտէզ՝ Մարսէյլի մէջ, լուսանկարչական ցուցահանդէս՝ Երեւանի մէջ

Աշխարհահռչակ ֆրանսահայ արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100ամեակին ձօնուած ձեռնարկները կը շարունակուին զանազան երկիրներու եւ յատկապէս Ֆրանսայի ու Հայաստանի մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝

Այսպէս, 12 Յուլիսին Մարսիլիոյ հանրապարտէզներէն մէկը վերանուանուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի անունով։ Մարսիլիոյ քաղաքապետարանը Իքս ընկերային ցանցի իր հաշիւին՝ այս մասին կը գրէր. «Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով՝ Մարսիլիոյ քաղաքապետ Պընուա Փայան քօղազերծեց երկու յուշատախտակ՝ արուեստագէտին անունը տալով Maison Blanche-ի հանրապարտէզին, որ կը գտնուի իր իսկ տնկած ձիթենիէն հազիւ քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ»։ 

Երկրորդ ձեռնարկը Երեւանի մէջ։ Մայրաքաղաքի սրտին «Շարլ Ազնաւուր» հրապարակին վրայ բացուեցաւ «Գասպարեանի Ազնաւուրը» լուսանկարչական ցուցահանդէսը։ Բացման արարողութեան ելոյթ ունեցան «Ազնաւուր» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Քրիսթինա Ազնաւուր եւ լուսանկարիչ Ռոժէ Գասպարեանի աղջիկը՝ Լիտիա Գասպարեան։ 

Այցելուներ կը հրաւիրուին ամբողջ ամսուան մը ընթացքին բացայայտելու ցուցահանդէսը՝ վայելելով ֆրանսահայ յայտնի լուսանկարիչ Ռոժէ Գասպարեանի նկարահանած բացառիկ լուսանկարները։ Հաւաքածոն կը ներառէ խորհրդանշական լուսանկարներ 1960 թուականին Ազնաւուրի «Ալհամպրա» սրահին մէջ ունեցած ծանօթ համերգէն, մտերիմ պահեր Ազնաւուրեաններու տան մէջ՝ Ֆրանսա, անոր ընտանեկան միջավայրը, մտերիմ ընկերներու հետ կիսած պահերը եւ քուլիսներու կեանքէն տեսարաններ։

Գասպարեան յաջողած է այս պահերը անմահացնել իւրօրինակ կերպով՝ հազուագիւտ տեսադաշտ մը հրամցնելով Ազնաւուրի կեանքէն։ Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Օգոստոս 9։