image

ԱԺ-ն ընդունեց բանակէն խուսափած անձերու առնչուող նախագիծը

ԱԺ-ն ընդունեց բանակէն խուսափած անձերու առնչուող նախագիծը

Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունեց 27 տարին լրացած եւ բանակէն խուսափած անձանց առնչուող նախագիծը։

Նախագիծին կողմ քուէարկած է 61 պատգամաւոր, դէմ՝ 27, ձեռնպահ՝ 6։

Նախագիծով կ՚առաջարկուի 27 տարին լրացած եւ պարտադիր զինուորական ծառայութիւն չանցած քաղաքացիներուն տալ հնարաւորութիւն ազատելու քրէական պատասխանատւութենէ․ առաջին՝ երկու տարի ծառայելով, երկրորդ՝ մէկ տարի ծառայելով եւ պետական պիւտճէ վճարելով 2,5 միլիոն դրամ, երրորդ՝ վեց ամիս ծառայելով եւ պետական պիւտճէ վճարելով 5 միլիոն դրամ, չորրորդ՝ մէկ ամիս ծառայելով եւ պետական պիւտճէ վճարելով 8 միլիոն դրամ, հինգերորդ՝ զինուորական ծառայութեան փոխարէն պետական պիւտճէ վճարելով 15 միլիոն դրամ։

Նախագիծը հեղինակած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Սարգսեանը։