Ազգային ժողովը կողմ քուէարկեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան նախկին, այժմ՝ անկախ պատգամաւոր Յովիկ Աղազարեանի (65 կողմ, 2 դէմ) եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Տարօն Մարգարեանի նկատմամբ (67 կողմ) հանրային քրէական հետապնդում յարուցելու՝ Գլխաւոր դատախազի միջնորդութեան։
Յովիկ Աղազարեանը կը մեղադրուի կաշառք պահանջելու եւ ստանալու մէջ։ Աղազարեանը չընդունիր իր մեղքը։
Երեւանի նախկին քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը կը մեղադրուի երկու դպրոցի եւ մէկ մանկապարտէզի տարածքները ապօրինաբար օտարելու եւ փողերու լուացման մէջ։
Տարօն Մարգարեանն այսօր չէ ներկայացած ԱԺ նիստին։
«Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Մամիջանեանը Մարգարեանի անունով լրագրողներուն յայտնած է, որ ան չընդունիր իր մեղքը։
ԱԺ «Պատիւ ունեմ» ու «Հայաստան» խմբակցութիւնները պոյքոթած ու չեն մասնակցած ԱԺ-ի այսօրուան նիստին եւ պատգամաւորներու նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցելու վերաբերեալ քուէարկութեան։