image
Հրատապ լուրեր:

«Այո, սեղանին կայ փաստաթուղթ». Փաշինեան անդրադարձաւ Ուաշինկթընի բանակցութեանց

«Այո, սեղանին կայ փաստաթուղթ». Փաշինեան անդրադարձաւ Ուաշինկթընի բանակցութեանց

Ուաշինկթընի մէջ քննարկուած է ճշգրիտ այն, ինչ որ ես այս ամպիոնէն նախորդ շաբաթ ներկայացուցած եմ: Այս մասին, մայիսի 3-ին, Ազգային ժողովէն ներս կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Այո, սեղանին կայ փաստաթուղթ, եւ դա այն փաստաթուղթն է, որն առաջարկեցի, որ տիկին Խամոյեանը գայ եւ ծանօթանայ։ Այդ փաստաթղթի մէջ ոչ մի նորութիւն չէք գտնի, որովհետեւ այս փաստաթղթի մասին ասել եմ այս ամբիոնից՝ հրապարակային։ Քանի որ հիմա այնտեղ բանակցութիւն է գնում, որեւէ պոզիտիւ (դրական) կամ նեգատիւ (բացասական) մեկնաբանութիւն ազդելու է բանակցութիւնների ընթացքի վրայ։ Եկէք որեւէ բան չասեմ» , -ըսած է Նիկոլ Փաշինեան։

Ան նշած է, թէ բանակցող խումբին ինչ յանձնարարած է․ «Ես ասել եմ՝ յիշէք, այն թուղթը, որը բանակցում էք, ես եմ ստորագրելու։ Բանակցէք ազատ, մեր քաղաքական ուղեգծի շրջանակներում եւ մեր հրապարակային արտայայտուած կարծիքների շրջանականերում»։

Հարցին՝ որու որոշմամբ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը կը մասնակցի Ուաշինկթընի մէջ ընթացող հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն, Փաշինեան պատասխանած է․ «Ռուբէն Ռուբինեանը գնացել է իմ քաղաքական որոշմամբ»։