image

Այո՛, Օրակարգ. Տեսակէտ Զաւէն Լիյլոզեանէն

Այո՛, Օրակարգ. Տեսակէտ Զաւէն Լիյլոզեանէն

Առանձնաբար մտածող սրտցաւները առաւել կամ նուազ գիտե՛ն թէ ուր կը դիմեն, ի՞նչ կ’ուզեն, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս։ Բայց ի՛րենք ալ կը խարխափեն։ Ճակատագրականօրէն անկարող են զիրար իմանալու, կամ՝ իմանալու պարագային ալ, հայերէնով երկխօսելու։ Եթէ ճարս հատնի՝ ռատիոյ-բնագէտ գիտնականներու պիտի դիմեմ, թերեւս իրենք ճար գտնեն այս անագորոյն եւ ողբալի վիճակին։

 

 

Խարխափումներու այս ժամանակահատուածին, երբ մարդիկ ո՛չ զիրար կը լսեն, ոչ ալ կ’ուզեն լսել, երբ մամուլի եւ ընկերային կայքերու էջերէն լուրջ եւ ուշագրաւ գաղափարներ ու միտքեր գործնական արձագանգ չեն գտներ, կարծես ամբողջ ազգը, պետութիւնը, սփիւռքները իրենք իրենց առանցքին շուրջ աննպատակ կամ ինքնանպատակ կը դառնան, երբ ծով կարիք կայ շիշի բերանէն դուրս պրծելու եւ լայն ասպարէզ դուրս գալու՝ մտածելու եւ գործելու, արդիւնքներ ձեռք ձգելու, իրավիճակ փոխելու, սակայն անկար կը մնանք հաւաքաբար, կծիկի ծայրը կորսնցուցած ենք, կամ՝ ամէն ոք իր կծիկը եւ իր ծայրը ձեռք առած սեփական հիւսքը կը գործէ, անկախաբար եւ անտարբեր շուրջի անցուդարձէն, ուր արիւն կը թափուի, հայրենիք կը կորսուի, մարդիկ աջ ու ահեակ կը վազեն ճար ու դարման գտնելու, բացառութիւններ միայն կը փորձեն սեփական ճարն ու դարմանը գտնել, սրտցաւ՝ անանձնական մտածողներ հարկ է որ ղեկը ձեռք առնելէ առաջ միասնաբար որոշեն թէ ո՞ւր կը դիմենք, կամ՝ կ’ուզենք դիմել, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս։ 

Իւրաքանչիւր հայու ուղեղի ընկալուչը տարբեր յաճախականութեամբ կ’իմանայ, կ’ընկալէ, կը վերլուծէ եւ կ’իւրացնէ բարձր եւ յաճախ աղիողորմ կոչերը՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԵՒ ՀԱՅԵՐ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԵՆՔ։

Առանձնաբար մտածող սրտցաւները առաւել կամ նուազ գիտե՛ն թէ ուր կը դիմեն, ի՞նչ կ’ուզեն, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս։ Բայց ի՛րենք ալ կը խարխափեն։ Ճակատագրականօրէն անկարող են զիրար իմանալու, կամ՝ իմանալու պարագային ալ, հայերէնով երկխօսելու։ Եթէ ճարս հատնի՝ ռատիոյ-բնագէտ գիտնականներու պիտի դիմեմ, թերեւս իրենք ճար գտնեն այս անագորոյն եւ ողբալի վիճակին։

Սակայն նախ՝ վերջին փորձ մը իմացուելու. տղաներ եւ աղջիկներ, սիրասուն ազգակիցներ, հիւանդութիւն մը կայ, որմէ պիտի բուժուինք. ասկէ առաջ գրած եմ այս մասին, սակայն եկէ՛ք կրկնենք՝ կրկնողութիւնը մայրն է իմաստութեան խօսքին թերահաւատ՝ սակայն միշտ յոյսը պահելով։

Երեսուն տարի մեր անբուժելի թուացող հիւանդութեան անունը՝ փոխան գաղափարի, ծրագրի՝ անձ ընտրելն է։ Յառաջադիմած աշխարհը շատո՜նց հրաժարած է կիսաստուած անհատէն եւ իշխողին աստուածատուր իրաւունքէն․ մարդիկ փարած են ժողովրդավարութեան, այսինքն՝ իրենց ուղին ընտրութեա՛մբ սահմանելուն։ Անհատի կամքէն անկախ՝ հաւաքակա՛ն կամքի դրսեւորման։ 

Ի դժբախտութիւն այս դարուն խարխափող ժողովուրդներու մեծամասնութեան, ժողովրդավարութեան ձեռնածութիւնը՝ մանիպուլացիան, չարաշահութիւնը չ’ըն-կըրկիր, չի նահանջեր, կը շարունակէ իր յաղթարշաւը՝ անձին եւ իր անծանօթ նախընտրութիւններուն, սէրերուն, մութ գործառքներուն հպատակեցնել ժողովուրդի իշխանութեան իրացման լաւագոյն բնորդները։ 

Այդպէս է որ խորհրդարանական վարչաձեւը կը վատասերի, կ’այլասերի, եւ մարդիկ, ժողովուրդ, ազգ, մեծ ու փոքր կ’անճրկին, կը տագնապին եւ լուծում չեն գտներ, կը պարտուին, կ’արիւնին ու ելք չեն տեսներ։ Բռնապետութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ, չյաջողեցա՞ւ խաբել՝ կը կաշառքէ, եթէ ատ ալ չ’աշխատեցաւ, բռնութիւն կը կիրառէ, անկոտրում՝ անբարոյ յամառութիւն կը ցուցաբերէ, նոյնիսկ ջախջախիչ պարտութեան մատնելէ ետք ազգ ու հայրենիք, թշնամիին անձնատուր ըլլալէ եւ Արցախի ապրելու եւ արարելու իրաւունքը մեծ մասամբ զիջելէ ետք, եւ հոն ալ կանգ չ’առներ ...

Ժողովո՛ւրդ, պիտի սթափիս եւ ընտրութիւններդ այլ չափանիշներով կատարես։ Այս ընթացքով անելի մէջ ես։ 

Այսօր, Նոյեմբերի 5-ին կէսօրէ ետք ժամը 3-ին խորհրդարանական ընդդիմութիւնը համազգային հանրահաւաք հրաւիրած է Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակ։ Անձնապէս ամէն ոք կրնայ նախընտրութիւններ ունենալ, բայց տեղ մը՝ կէտի մը վրայ պիտի համաձայնինք, եւ այդ կէտը հայրենի՛քն է, ա՛զգն է, յաջորդ սերունդնե՛րն են ու իրենց իրաւո՛ւնքը։ Այս կէտին վրայ պիտի միաւորուինք, ժամանակաւորապէս լքելով անհատական նախընտրութիւնները։ Հազարամեակներու արհաւիրքներուն դիմացած հայոց հինաւուրց կաղնին է որ արմատախիլ ընել կը փորձեն։ Ո՛Չ պիտի ըսենք, այնքա՛ն բարձրագոչ ու միահամուռ, որ Կրեմլէն Սպիտակ տուն եւ Չինական պարիսպ արձագանգէ։ 

Ատկէ ետք՝ մե՛նք է որ նոր օր, նոր առաւօտ պիտի բանանք մեզի համար, մե՛ր երկրին համար, մեր աշխարհացրի՛ւ ազգակիցներուն համար։ Չարիքը արմատախիլ պիտի ընենք, անոր արմատը պիտի չորցնենք անձնական համակրանքէն կամ հակակրանքէն անդին, որովհետեւ՝ ի վերջոյ, Հայաստանը աւելի՛ թանկ է քան մեզմէ իւրաքանչիւրը, իր աթոռը, կեանքը։ 

Անգամ մը որ անհատը այլ անհատով փոխարինելու հիւանդութենէն բուժուելու ընթացքին մէջ վերջապէս մտնենք, անհատին՝ պատշաճ յարգանքով պիտի նայինք իբրեւ հանրային ծառայողի, որ կոչուած է ԱԶԳԻ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԾՐԱԳԻՐԸ ԻՐԱԳՈՐԾԵԼՈՒ, եւ ոչ թէ սեփական շահերուն հետամտելու։ Հետեւաբար իր օրինականութիւնը, լեգիտիմութիւնը ո՛չ թէ անձնապէս ստացած քուէն պիտի որոշէ, այլ ընտրուած ծրագիրը կենսագործելու իր կարողութիւնը, ճկունութիւնը, հնարամըտութիւնը, ստեղծագործ արարմունքը։

Մենք ո՛չ իրաւունք ունինք զիջելու, ո՛չ ալ հող։ Մենք առնելիք ենք։ Առնելու համար ապաւինիլ աջին կամ ձախին՝ նոյն կոտրած տաշտակին առջեւ պիտի կանգնեցնէ մեզ։ Ապաւինիլ, բանակցիլ, ջանալ համաձայնիլ ներազգային կարողութիւններուն հետ, ա՛յդ է ճիշդ ճամբան է։ Այսինքն՝ ճիշդ հակառակ ընթացքը ներկայ ՓՈՐՁԱՆՔ իշխանութիւններուն, որոնք պատրաստ են թուրքին առջեւ խոնարհելու, սակայն երբե՛ք հայրենիքի, պետութեան շահը գերադասելու, ներազգային միութեան  ի խնդիր աշխատելու փոխարէն՝ պատրաստ են պառակտելու երկրէն ներս ու դուրս ապրող ժողովուրդը։ Զարմանալի չէ, թէ ինչպէ՜ս կը յաջողին պառակտել, այդպէս ըրին իրենց նախահայր պոլշեւիկները տասնամեակներ ատով սնանեցան եւ տակաւին ձեռնթափ չեղան, դեռ չեն ալ պարտուած․ թէեւ անուանապէս սովետը չկայ, սակայն անոր էութիւնը կա՛յ եւ կը մնայ։ Ներկայ «թաւշականները» նախկիններու շարունակութիւնն են՝ ատոր ոչ մէկ կասկած. մեր մտավախութիւնն այն է, որ մեծ մասամբ յաջողին ընել այն՝ ինչ իրենց նախահայրերը չյաջողեցան կամ կէս ձգեցին։ Եւ ընել՝ Եռաբլուրի, Հադրութի եւ բռնագրաւուած Արցախի գաղթականութեան առկայութեան, այցելելով եւ ձեւականօրէն խոնարհելով Արթուր Մկրտչեանի եւ միւս բոլոր նահատակներուն յիշատակին առջեւ․․․ 

Սակայն՝ զգո՜յշ, չսայթաքի՛ս հայ մարդ, սովետը, ռուսը մերժելով չիյնաս հակադիրի ճանկը, ընդհանրապէս չիյնաս ոչ ոքի ճանկը։ Այլ գրկէ՛, սիրէ՛, վիճէ՛, կռուէ՛, թէկուզ ծեծէ՜ ազգակիցդ՝ վերջապէս համաձայնելու համար, արիւնակիցիդ հետ գործակցելու, հանրօգուտ, ազգօգուտ նուաճումներու հասնելու եւ օտարի կապանքներէն ձերբազատուելու երկա՜ր ճամբան անցնելու համար։

Օրակարգը կենսական է՝ գաղափարներու հետամտելու, զանոնք կենսաւորելու, հանգրուանափոխութիւն կատարելու, անցած փուլը արժեւորել կարենալու։ Օրակարգը համակարգի արտայայտիչն է։ Ո՛րքան խոր է օրակարգ յառաջ բերած գաղափարը եւ ընդգրկուն, այնքան առողջ է համակարգը, տեղ ունի երթալու, ծաւալելու եւ նորեր ներգրաւելու, սերունդնե՛ր զինուորագրելու։

«Օրակարգ» սիւնակը անձնական պիտի չըլլայ, թերթիս բաց հարթակը պիտի ըլլայ, բոլոր անոնց համար, որոնք կը կամենան մարտահրաւէրի ձեռնոցը վերցնել ու մասնակցիլ հանրային բանավէճին։

Միտքերը սո՛ւր, գրիչները պատրա՛ստ։ 

 

 

Զաւէն Լիյլոզեան 

 «Յուսաբեր»