Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ ֆրանսայի թեմը կը պատրաստուի Թեմի Առաջնորդի ընտրութեան:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Փարիզէն:
Նշենք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յատուկ կարգադրութեամբ օրերս թեմի առաջնորդական տեղապահ նշանակուեցաւ Հոգշ. Տ. Կոմիտաս Վարդապետ Յովնանեան։
Առաջնորդական ընտրութեան վերաբերեալ վերջին տեղեկութիւնները ստանալու համար «Արեւելք» դիմեց Ֆրանսայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վահան եպս. Յովհաննիսեանին եւ սրբազան հայրը սիրայօժար կերպով մեկնաբանեց առկայ իրավիճակը։ Վահան Սրբազան նաեւ նշեց, որ ինք կը շարունակէ մնալ թեկնածու՝ Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդութեան:
Տ. Վահան եպս. Մասնաւորապէս ըսաւ « Ֆրանսայի մէջ թեմակալ Առաջնորդը կ'ընտրուի 7 տարուան շրջանի մը համար: Ես ընտրուած եմ 1 Նոյեմբեր 2014-ին եւ առաջնորդական շրջանս աւարտեցաւ 1 Նոյեմբեր 2021-ին: Հիմա թեմական խորհուրդը նոր եռանուն ցանկ պիտի պատրաստէ եւ Վեհափառ հայրը պիտի վաւերացնէ այդ ցանկը, ապա երեք ամիս ետք մեր եկեղեցւոյ հաւատացեալները ընտրութեան պիտի մասնակցին։
Նշեմ նաեւ, որ ըստ ֆրանսահայոց թեմի կանոնագրութեան՝ թեմական խորհուրդը կը պատրաստէ եռանուն ցանկ մը եւ Վեհափառ Հայրապետը կը հաստատէ այդ երեք թեկնածուները: Թեմական խորհուրդը, որ ընտրուած է ժողովուրդի կողմէն, ինք կ'առաջարկէ առնուազն երեք անուն: Հաստատումէն ետք Վեհափառի կողմէ, այդ անունները կը յայտարարուին: Անկէ ետք Ֆրանսահայոց թեմի կանոնագրութիւնը կը պահանջէ շրջան մը, որպէսզի ժողովուրդը ծանօթանայ , թէ որոնք են թեկնածուները եւ երեք ամիս ետք ընտրութիւնը կը կայանայ։
Թեմերու կանոնագիրը մեծամասնութեամբ նոյնն է, այսինքն՝ Ամերիկայի մէջ ալ նոյնն է ըլլայ Քալիֆորնիա կամ Նիւ Եորք, Գանատայի մէջ ալ նոյնն է: Անշուշտ կան թեմեր, ուր կանոնագրութիւնը յստակ չէ, բայց հիմակուայ մեր կանոնական պահանջները կը պարտադրեն, որ ամէն ընթացք 4 կամ 5 տարի անգամ մը ընտրութիւն տեղի ունենայ, իսկ ֆրանսան ամէնէն երկարն է 7 տարի անգամ մը:
Թեկնածութիւնս չեմ ուզեր հիմա հրապարակել: Ի վերջոյ եթէ Վեհափառ Հայրապետի համաձայնութեամբ զինուած մեր ժողովուրդը զիս ընտրէ, այն ատեն պիտի շարունակեմ իմ, որպէս Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ գործունէութիւնս»։