image
Հրատապ լուրեր:

«Այսուհետեւ անվտանգութեան հարցով չենք կրնար վստահիլ Ռուսիոյ».Փաշինեան հարցազրոյց տուած է

«Այսուհետեւ անվտանգութեան հարցով  չենք կրնար վստահիլ Ռուսիոյ».Փաշինեան հարցազրոյց տուած է

Ուքրանական հակամարտութիւնը ցոյց կու տայ, որ Հայաստանը այլեւս չի կրնար ապաւինիլ Մոսկուային՝ որպէս իր անվտանգութեան երաշխաւոր, նոյնիսկ այն պարագային, երբ կը մեծնան մտավախութիւնները Ատրպէյճանի հետ բաց հակամարտութեան վերադառնալու առնչութեամբ։

«POLITICO» պարբերականին տուած հարցազրոյցին մէջ այս մասին ըսած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Ըստ պարբերականին՝ Փաշինեանի ընդգծուած քննադատութիւնը Ռուսաստանի՝ որպէս Կովկասի մէջ ոստիկան գործելու անկարողութեան վերաբերեալ միայն կ’ուժեղացնէէ այն զգացումը, որ Քրեմլինը կը կորսնցնէ իր ազդեցութիւնը եւ չունի երբեմնի շատ գովաբանուած գերտէրութեան կարգավիճակը նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն մէջ, որոնց ժամանակին Մոսկուան կը համարէր իր ազդեցութեան գօտին:

«Ուքրանիայում տեղի ունեցող իրադարձութիւնների արդիւնքում փոխուել են Ռուսաստանի հնարաւորութիւնները», ըսած է Փաշինեան՝ ընդունելով, որ Մոսկուան կը ձգտի խուսափելու Ատրպէյճանն ու անոր մերձաւոր դաշնակից Թուրքիան օտարելէ, որոնք երկուքն ալ Քրեմլինի համար մինչեւ ուքրանական պատերազմը ունեցած են ռազմավարական նշանակութիւն։

«Մեր ռազմավարութիւնը պէտք է լինի այն, որ փորձենք այս իրավիճակում առաւելագոյնս նուազեցնել մեր կախուածութիւնը ուրիշներից։ Մենք ուզում ենք ունենալ անկախ երկիր, ինքնիշխան երկիր, բայց պէտք է ճանապարհներ ունենանք, որպէսզի չյայտնուենք Արեւմուտքի ու Արեւելքի, Հիւսիսի եւ Հարաւի բախումների կեդրոնում… Չի կարող լինել դէպք, երբ Հայաստանը դառնայ «փրոքսի»։ Սա անթոյլատրելի է։

Մոտելը, որով մենք խնդիրներ ունենք մեր հարեւանների հետ, եւ պէտք է հրաւիրենք ուրիշներին պաշտպանելու մեզ, կարեւոր չէ, թէ ովքեր են նրանք, շատ խոցելի մոտել է», վարչապետին խօսքը մէջբերած է «POLITICO»-ն։