image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիան վերատիրացաւ Արաբական Լիկայի իր լիարժէք դիրքին

Սուրիան վերատիրացաւ Արաբական Լիկայի իր լիարժէք դիրքին

Սուրիան 7 մայիսին կը վերսկսի մասնակցութիւնը Արաբական պետութիւններու լիկայի (ԱՊԼ) աշխատանքներուն: ՌԻԱ Նովոսթիի հաղորդմամբ՝ տեղեկութիւնը նշուած է արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով ԱՊԼ խորհուրդի արտահերթ նիստի արդիւնքներով տարածուած յայտարարութեան մէջ:

Աւելի վաղ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Ալ Սահաֆ իրանական IRNA գործակալութեան յայտնած էր, որ ԱՊԼ արտաքին գործոց նախարարները հաւանութիւն տուած են Սուրիոյ վերադարձին կազմակերպութիւն: ԱՊԼ ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Ժամալ Ռուշտի ՌԻԱ Նովոսթիին հաստատած է այդ տեղեկութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ որոշուած է 2023 թուականի 7 մայիսէն սկսեալ վերսկսիլ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան կառավարութեան պատուիրակութիւններու մասնակցութիւնը Արաբական պետութիւններու լիկայի խորհուրդի նիստերուն եւ անոր բոլոր մարմիններուն ու կազմակերպութիւններուն։