«Միւռոնը հոմանիշ է միութեան: Աղբիւր է զօրութեան: Մէկ է միւռոնուած հայութիւնը». Գարեգին Ա. կաթողիկոս
Սեպտեմբեր 28-ին՝ ժամը 17։00-ին, տեղի պիտի ունենայ միւռոնօրհնութեան արարողութիւնը: Մայր Տաճարը պիտի վերաօծուի սեպտեմբեր 29-ին՝ ժամը 10։30-ին:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութեան յաջորդող շաբթուան բոլոր օրերուն՝ սեպտեմբեր 30-էն հոկտեմբերի 6-ը, ժամը 19:00-ին, Մայր Տաճարի մէջ պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ հայրենիքի խաղաղութեան եւ անսասանութեան, մեր ժողովուրդի անվտանգ ու բարօր կեանքի, ինչպէս նաեւ անյայտ կորսուած, գերութեան մէջ գտնուող եւ զոհուած մեր զաւակներու եւ անոնց ընտանիքներու համար։
Մայր աթոռը սիրով կը հրաւիրէ բարեպաշտ ժողովուրդը իրենց աղօթական մասնակցութիւնը բերելու մատուցուելիք Սուրբ եւ Անմահ Պատարագներուն։