image

Այսօր կը լրանայ ազգային ողբերգութիւն հանդիսացող 27 Հոկտեմբերի 26 -րդ տարելիցը

Այսօր կը լրանայ ազգային ողբերգութիւն հանդիսացող 27 Հոկտեմբերի 26 -րդ տարելիցը

Այսօր կը լրանայ Հայաստանի նորագոյն պատմութեան ամենածանր յանցագործութիւններէն մէկու՝ 1999 թուականի հոկտեմբեր 27-ի ահաբեկչութեան 26-րդ տարելիցը։

Այդ օրը Նայիրի Յունանեանի գլխաւորած յանցախումբը ժամը 17-ի մօտերը՝ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ընթացքին ներխուժեց Ազգային ժողովի դահլիճ։ Դահլիճին մէջ անոնք կրակ բացին՝ սպանելով ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Կարէն Դեմիրճեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, ԱԺ փոխնախագահներ Եուրի Բախշեանը եւ Ռուբէն Միրոյեանը, պատգամաւորներ Արմենակ Արմենակեանը, Միքայէլ Քոթանեանը, Հենրիկ Աբրահամեանը եւ նախարար Լեոնարդ Պետրոսեանը։ Կրակոցներու հետեւանքով վիրաւորուեցաւ եւս ութ մարդ։

Զինուած յարձակողները մինչեւ առաւօտ պատանդ պահեցին խորհրդարանի պատգամաւորները եւ կառավարութեան անդամները։ Յաջորդ օրը՝ հոկտեմբեր 28-ին, բանակցութիւններու հետեւանքով անոնք յանձնուեցան իրաւապահ մարմիններուն։

2003 թուականի դեկտեմբերին դատարանը Նայիրի Յունանեանը եւ անոր յանցախմբի հինգ անդամները դատապարտեց ցմահ ազատազրկման։

Ոճրագործութիւնը լաւ նախապատրաստուած էր, մանրակրկիտ։

Թէպէտ անցեր է 26 տարի, հոկտեմբեր 27-ի գործը մինչ օրս կը համարուի ամբողջութեամբ չբացայայտուած։ Զոհուածներու հարազատներն ու հասարակութեան լայն շերտերը կը պնդեն, որ դեռ չեն բացայայտուած յանցագործութեան պատուիրատուներն ու կազմակերպիչները։ Գործէն անջատուած մասով քննութիւնը կը շարունակուի, սակայն մինչ օրս մեղադրեալներ այդ մասով չկան։