image

«Այսօր, հետդ առնելով մանչուկդ, կը սաւառնիս դէպի անդենականութիւն»...

«Այսօր, հետդ առնելով մանչուկդ, կը սաւառնիս դէպի անդենականութիւն»...

ԳՈՅԺ

Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը սրտի անհուն կսկիծով կը գուժէ իր աշխոյժ, նուիրեալ եւ գործուն անդամուհիներէն ընկհ. Միրնա Մինասեան-Թէնէքէճեանի վաղաժամ մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 6 Փետրուար 2023ի ցայգալոյսին տեղի ունեցած Հալէպի ահաւոր երկրաշարժին հետեւանքով։

Ընկհ. Միրնան անդամ էր ՍՕԽաչի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան ու ամբողջական նուիրումով կ՚իրագործէր իրեն վստահուած ամէն աշխատանք։ Ան ծառայած էր նաեւ ՍՕԽաչի Աշխատանոցի յանձնախումբէն ներս եւ իր իւրայատուկ դրոշմը ձգած։

Շա՛տ դժուար է ընդունիլ կորուստդ, սիրելի՛ ընկերուհի։ Այսօր, հետդ առնելով մանչուկդ, կը սաւառնիս դէպի անդենականութիւն, ետին թողելով սիրելիներդ ու ընկերուհիներդ։ 

ՍՕԽաչի Շրջ. Վարչութեան անունով խորին  ցաւակցութիւն կը յայտնենք նորոգ հանգուցեալ ընկերուհիի ամուսնոյն, դստեր եւ համայն Մինասեան եւ Թէնէքէճեան ընտանիքներուն։ 

Թող հոգիդ հանգչի երկնային խաղաղ օթեւաններու մէջ, շա՛տ սիրելի ընկերուհի Միրնա։ Բարի յիշատակդ եւ անմոռանալի ժպիտդ դեռ երկար ատեն պիտի մնայ բոլորիս սրտերուն մէջ։

ՍՈՒՐԻՈՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉԻ ՇՐՋ.ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ