Ամերիկահայ գործիչ, արեւմտահայերէնի պաշտպան Դոկտ. Յակոբ Այնթապլեան կը գրէ՝
Հայաստանի վարչակարգը իր մասնակցութինը չունի՞ ներկայ ստեղծուած դրութեան մէջ:
Հայաստանի Անկախացումէն ի վեր Հայաստանի տարբեր վարչակարգեր ՀԱՅՐԵՆԱՏԻՐՈՒԹԻՆ չցուցաբերեցին :
Քաղաքական խաղերով Լ.Տէր Պետրոսեան ,Ռ.Քոչարեան ,Ս.Սարգսեան հայապատկան հողերէն կիսահրաժարած,
Արցախի հարցը առկախեալ պահեցին մինչեւ որ «Ազգային պատուհաս» Ն.Փաշինեան իր մեծամտութեամբ ,սփիւռքը արհամարհելով ինքնագլուխ ,անհեռատես որոշումներով եւ անտեղեակ Հայաստանի իրական ռազմական կարողութեան եւ անկազմակերպուածութեան, պատերազմ հրահրեց Ատրպէյճանին ։
«Յաղթելու ենք»ը վերածուեցաւ անձնատուութեան։
5000 Հայ երիտասարդ զինուորի մահով եւ 7500 վիրաւորներով եւ մէկ միլլիառ տոլարի ենթակառուցուածքի եւ շէնքերու աւերածութեամբ :
Փաշինեան շարունակեց հրաժարիլ, Տէր Պետրոսեանէն սկսեալ 162.000 Քառ. քլմ. հայապատկան Միացեալ Հայաստանէն եւ պնդեց որ Հայաստանի հողատարածքը 29.800 քառ. քլմ. է ։
44-օրեայ պատերազմէն ետք Փաշինեան հրաժարեցաւ Արցախի անվտանգութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելէ եւ Ատրպէյճանին յանձնեց Արցախի 71% -ը իր պաշտօնը պահելու համար, նաեւ յանձնեց Բերձորն ու շրջակայքը ։
Ներկայիս Հայաստանի Հարիւրաւոր քլմ. հողեր կը մնան բռնագրաւուած Ատրպէյճանի կողմէ :
Մինչ Ատրպէյճան կը յոխորտար գրաւել նաեւ Սեւանն ու Երեւանը Հայաստան չզինուեցաւ ։
Արցախը լքուեցաւ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի կարգադրութեան ։
Ապազգային վարչապետը արցախահայութիւնը յանձնեց պատերազմական յանցագործ Ազերիի եւ Թուրքի տրամադրութեան Ռուսի իրաւարարութեան ներքոյ ։
Փաշինեան հրաժարած է Արցախահայութեան պաշտպանութիւնը երաշխաւորելէ :
Ըստ ՀՀ սահմանադրութեան առանց խոհրդարանի հաստատման ,արդեօք վարչապետը ունի ՞ այս լիազօրութիւնները։
Այս անձը ատակ է՞ Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու։
Ես կ’ըսեմ ո ՜՜՜չ։
Միջազգային ուժերը այնպէս ըրաւ որ հեռանան…
Ներկայիս Արցախի կապը Հայաստանի հետ փակած են ազերիները եւ Արցախին Կազի մատակարարումը ընդհատած :
Իսկ Փաշինեանները թանկարժէք ինքնաշարժներ «Նուէր» կը ստանան եւ բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներու վճարումները նկատելիօրէն կ՝ աւելնան երբ սահմանապահ զինուորներ ձմեռային հագուստներ չունին ։
Ո ՞ վ է յանցաւորը այս ստեղծուած վիճակին ։
Արդեօք ներկայ վարչակարգը արժանի է ՞
բոլոր հայութեան հայրենիքը ներկայացնելո ՞ւ:
Արդեօք ներկայ վարչակարգին պէտք է՞ վստահիլ Արցախի եւ բոլոր Հայութեան ճակատագիրը :
Եթէ վարչապետը ազգային ոգի եւ հայու խիղճ
ու պարկեշտութիւն ունենար շատոնց կը հրաժարէր իր պաշտօնէն քանի որ ոչ հմտութիւն եւ ոչ ալ կարողութիւն ունի երկիրը կառավարելու։
Ինք դարձած է կամակատար թէ Ատրպէյճանին
եւ թէ Թուրքիոյ եւ պատրաստ է ամէն զիջումի ։
Հայեր ձեռքերնիդ ձեր սրտերուն եւ խղճերուն վրայ դրէք եւ որոշեցէք թէ ո ՞ վ պէտք է առաջնորդէ հայութիւնը ։
Այս վարչակարգը ճախճախուտի մէջ խրուած է եւ իր հետ կ ՜ուզէ ընկղմել թէ Արցախը եւ թէ Հայաստանը ։
Արդեօք ցնորամտութիւն չէ ՞ «խաղաղութեան պայմանագիր» կնքելը պատերազմական յանցագործ պետութեան հետ որ ձմրան սաստիկ ցուրտին 120.000 հայրենակիցներուդ կազի մատակարարումը պետականօրէն կը դադրեցնէ ։ Մարդկութեան դէմ ոճիր է այս։
Հայկական եւ Արցախի բոլոր հարցերը միջազգային դատարան պէտք է տարուին ։
Ուրիշ ելք չունի հայութիւնը ։