image

Այս մեծ «հիւանդ մարդ»ը. Գրեց՝ Տօքթ. Վարդգէս Արզումանեան

Այս մեծ  «հիւանդ մարդ»ը. Գրեց՝ Տօքթ. Վարդգէս Արզումանեան

Նայեցէք ձեր շուրջը՝ ունեցուածքով հարուստ մարդիկ, բայց մարդկայնութեամբ աղքատ, շատ օրէնքներ, բայց քիչ խաղաղութիւն: Ճարտարագիտութեանց յառաջընթաց, բայց քիչ հանգստութիւն: Մարդ աւելի զարգացած է քան առաջ, բայց աւելի քիչ իմաստուն։ Եկեղեցւոյ մօտիկ, բայց Աստծմէ հեռու։ Կը քարոզենք այլ մոլորակներ նուաճելու մասին, մինչդեռ կարելի է փրկել մերինը: Ոչնչացնել այն, ինչ մեզի համար թանկ է նուաճելու համար անյայտը: Ի՜նչ հակասութիւններ։

Օրերս բարոյական կոչով մը հանդէս եկած է Տօքթ. Վարդգէս Արզումանեան L’Orient-Le Jour պարբերականին մէջ «Այս մեծ հիւանդը» խորագրով յօդուածով, ուր հրաւիրած է մարդիկ վերադառնալու իրենց մադկային արժէքներուն, մօտենալու Աստծոյ ու հեռանալու սատանայական միտքերու հետեւորդները ըլլալէ:

Վարդգէս Արզումանեան  կը գրէ՝ 

Ժամանակին ամէն ինչ աւելի լաւ էր աշխարհներու լաւագոյնին մէջ, այսպէս կ'ըսէ Փանկլոս կերպարը Վոլթերի «Քանտիտ» գիրքին մէջ։ Բայց բարեբախտաբար, փիլիսոփան երկար չապրեցաւ տեսնելու, որ աշխարհը այլեւս այն տեղը չէ, որու մասին ինք  կ'երազէր։ Ինչ որ տեղ չարը իշխած է եւ անդադար կը գայթակղեցնէ սովորական մահկանացուները, եւ այս աշխարհը կը դառնայ ծանր հիւանդ:

Ուրկէ սկսիմ իմ բանավէճը: Ո՞ր հոգեկան հիւանդութեան մասին խօսիլ, ամբարտաւանութեան մասին, որ ախտանիշն է իշխանութիւն տիրապետելու հիւանդութեան, եսակեդրոնացման, ստամոլութեան որ ստախօսութեան հիւանդութիւնն է:

Նայեցէք ձեր շուրջը՝ ունեցուածքով հարուստ մարդիկ, բայց մարդկայնութեամբ աղքատ, շատ օրէնքներ, բայց քիչ խաղաղութիւն: Ճարտարագիտութեանց յառաջընթաց, բայց քիչ հանգստութիւն: Մարդ աւելի զարգացած է քան առաջ, բայց աւելի քիչ իմաստուն։ Եկեղեցւոյ մօտիկ, բայց Աստծմէ հեռու։ Կը քարոզենք այլ մոլորակներ նուաճելու մասին, մինչդեռ կարելի է փրկել մերինը: Ոչնչացնել այն, ինչ մեզի համար թանկ է նուաճելու համար անյայտը: Ի՜նչ հակասութիւններ։

Մարդը սկսած է դառնալ աւելի ու աւելի մեկուսացած, եսակեդրոն եւ հասարակութենէն վախցող «մարդատեաց» մը, յիշեցնելով նախնական հասարակութիւններու «քարանձաւի մարդը» եւ «Պղատոն»: Դուք այս գործընթացը գիտութեան յառաջդիմութիւն կամ մարդկութեան եղափոխութիւն կը կոչէ՞ք: Արթնցէ՛ք: Մի ըլլաք աշակերտները այն քնաբեր ոգիին, որ կ'ուզէ ձեզի քնացնել,  եւ ամէնէն առաջ մի ըլլաք Ռապլէի (ֆրանսացի գրող) Փանուրժի ոչխարները (փոխ. կուրօրէն հետեւող):

Անցեալ դարու մեծ բժիշկ՝ Ալեքսիս Քարել «L'homme, cet incognito» («Մարդը, այն անյայտը»)  գրքին մէջ լաւ կանխատեսած էր խնդիրը ըսելով, որ «քաղաքակրթութեան նպատակը ոչ թէ գիտութեան եւ մեքենաներու յառաջդիմութիւնն է, այլ՝ մարդուն»: Որքան հեռու ենք մենք անոր ցանկութենէն, որովհետեւ իրականութիւնը ցնցիչ է։ Մարդը ամէնէն մեծ տուժողն է։ Ան օտարական դարձած է աշխարհի մը մէջ, որ ինք կերպարանափոխած է։

Անհաշիւ են այն ընկերաբաններն ու փիլիսոփաները, որոնք ուսումնասիրած են այս խնդիրները։ Սթանլի Քոհէն (ամերիկացի ծինաբան) ճիշդ խօսած է «բարոյական խուճապին» մասին, զոր կ'ապրին մեր հասարակութիւնները: Միւս կողմէ, Հըրպըրթ Սփենսըր (անգլիացի փիլիսոփայ) առաջարկած է «ընկերային Տարուինիզմ»՝ ենթադրելով, որ հասարակութեան զարգացման մէջ կը գոյատեւեն անոնք, որոնք ամենաշատ հետեւողներն են: Ան, անկասկած, ճիշդ էր։ Բայց դեռ ոչ մէկ լուծում եւ ոչ մէկ պատասխան կայ այս իրարանցումին ու անկումին, որոնց մէջ յայտնուած է հասարակութիւնը:

Իսկ ամէնէն մեծ ժամանակակից հարցումը այն է, թէ ինչպէ՞ս շտկենք այս ընթացքը: Բարոյական արժէքներուն մեծ վերադարձը միայն կրնայ փրկել մեզի այս սայթաքումէն։ Ցաւալի ճշմարտութիւնը այն է, որ մարդը իր բոլոր նուաճումներու ընթացքին մոռցած է սէր բառին իսկական իմաստը, հետեւաբար՝ յարգանքը ուրիշներու հանդէպ: Սակայն սէրը հիմքն է բոլոր հաւատքներուն, քանի որ Աստուած սէր է: Բարի սերմը պէտք է ըլլայ ողջ մարդկութեան պահպանումի հիմքը: Ընտանիքը միաւորող կապը սէրն է, որ կը միաւորէ նաեւ հասարակութիւնը եւ ողջ մարդկութիւնը, բայց դժբախտաբար այլեւս այդպէս չէ մնացած, եւ մարդկութիւնը հրաժարելով անկէ զոհած է նաեւ բարոյական արժէքները։

Միշտ պահելով յոյսը, որ վաղը երջանկութեամբ լի պիտի ըլլայ, երանի չըլլանք սատանայական միտքերու հետեւորդները։

Թարգմանած ենք ՝ Ֆրանսերէնէ