Օրերս Հանրային ռատիոյի «Առանց տողատակի» հաղորդման հիւրն էր Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի անդամ եւ գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ, իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու Արտիոմ Պետրոսեան:
Նիւթի շահեկանութեան համար հարցազրոյցի կարեւոր մասերը կը ներկայացնենք «Արեւելք» ի ընթերցողներու ուշադրութեան։
Պատասխանելով հայրենի լրագրող Լեւոն Սարդարեանի հարցերուն Արտիոմ Պետրոսեան մասնաւորապէս ըսած է.-
«Մեր հասարակութիւնը կարիքը ունի հանքարդիւնաբերութեան մասին պարզաբանման: Ընդերքը հողային մակերեսին տակ գտնուող հատուածն է. օգտակար հանածոն ընդերքին մէջ պարփակուած հանքային մարմինն է, որ կրնայ ըլլալ տարբեր տեսակի մետաղներու տեսքով՝ ինչպէս պղինձ , արծաթ, ոսկի: Արդիւնահանումը այն է, երբ ընդերքէն կը հանուի օգտակար հանածոն եւ ենթարկուելով արտադրական գործընթացի անկէ կը կորզուի օգտակար բաղադրիչը, օրինակ եթէ ընդերքին մէջ կայ մէկ թոն ոսկի պարունակութեամբ հանքաքար, այնտեղէն կրնայ ըլլալ հանուի միայն 3 կրամ ոսկի: Հետեւաբար արտադրական գործընթացին նպատակը այդ հանքաքարէն հանելն է ամէնաշատ քանակով բաղադրիչ :
Կ'ուզեմ շեշտել, որ մեր օրէնսդրութեան մէջ հաստատուած է, որ ընդերքը Հայաստանի Հանրապետութեան բացառիկ սեփականութիւնն է: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ժամանակաւորապէս կրնայ տալ շահագործման որեւէ ընկերութեան: Եւ շահագործման եղանակները երկուքն են՝ իրականացնել ուսումնասիրութիւն կամ իրականացնել արդիւնահանութիւն: Ընկերութիւնները, որոնք հետաքրքրուած են այս եղանակներով կը դիմեն պետութեան, կը ներկայացնեն իրենց գործի նախագիծը եւ եթէ հաւանութեան արժանանայ, պետութիւնը ժամանակաւորապէս՝ օրինակ՝ 10-25 տարի կը թոյլատրէ ընկերութեան շահագործելու այդ ընդերքը:
Հանքարդիւնաբերութիւնը պետութեան կողմէ ամէնէն շատ վերահսկուող ճիւղն է: Այն կ'առնչուի բոլոր նախարարութիւններուն եւ տեսչական մարմիններուն հետ, նման հսկողութեան տակ գտնուող ընկերութիւնը չի կրնար ամբողջապէս չաշխատիլ օրէնքի դաշտին մէջ, այդ վերահսկումն ալ կը յանգի անոր, որ այն հարկատուներու ցուցակին առաջատարը ըլլայ։
Հանքարդիւնաբերութեան ընկերութիւնը բազմաթիւ ընկերային ծրագիրներ կ'իրականացնէ իր ազդակիր համայնքին մէջ: Հաստատուած սահմաններ կան, թէ որոնք կը համարուին ազդակիր համայնքներ: Երբ ընկերութիւնը կը ներկայացնէ իր նախագիծը պետութեան, այնտեղ նշուած պէտք է ըլլայ, թէ ինչ աշխատանքներ պիտի իրականցնէ՝ ներառեալ ընկերային, ազդակիր համայնքին համար: Ընկերութիւնը շատ մը օրէնքով սահմանուած գործառոյթներ պէտք է կատարէ որպէսզի պատճառուած վնասը նուազագոյնի հասցնէ, եւ այդ մէկը ընկերութեան օրական աշխատանքն է, եւ պատշաճօրէն կը վերահսկուի, ապա թէ ոչ հնարաւոր է, որ պետութիւնը ընկերութեան տուած իր արտօնութիւնը ետ քաշէ:
Այն շրջանը, ուր կայ հանքավայր, այնտեղ տնտեսութիւնը կը շնչէ, որովհետեւ այնտեղ միայն աշխատակիցներ չկան, այլ ածանցեալ ձեռնարկութիւններ, որոնք կը ստեղծուին, որպէսզի սպասարկեն այդ հանքի կեանքին, ինչ որ կը նպաստէ, որ այդ շրջանը տնտեսապէս բաւական աշխոյժ եւ գործունեայ դառնայ:
Հայաաստանի մէջ արտաքին ներդրումներու թիւը քիչ է եւ այս հարցով յատուկ անձնակազմ մը պէտք է զբաղի: Օտարերկրեայ ներդրումներու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքը 1994 թուականի օրէնք է: Օրէնսդրական դաշտը պէտք է միջավայրին համահունչ զարգանայ, երբ չի զարգանար, չի ներգրաւեր ներդրողներ, որոնց պէտք են կայունութիւն, տեսանելիութիւն եւ որոշակի երաշխիքներ: Նաեւ դատական գործընթացները այստեղ շատ երկար կը տեւեն, ինչ որ ներդրողին անորոշութիւն կը յուշէ եւ միջազգային լուրջ ներդրողը հեռու կը պահէ: Եթէ այս ուղղութեամբ աշխատանք տարուի եւ մենք ունենանք աւելի թարմ օրէնսդրութիւն, աւելի ճկուն դատական համակարգ, ճկուն յարաբերութիւն պետական մարմիններ-ձեռնատիրութիւն գուցէ այս կարծրատիպը փոխուի եւ մենք ունենանք աւելի լաւ արդիւնքներ: Նախ պէտք է ախտորոշել եւ հասկնալ մեր համակարգին թոյլ կէտերը եւ գիտնալ ինչ կը շահագրգռէ ներդրողը եւ մասնագիտացած անձնակազմով փորձել լուծել այդ խնդիրները:
Իսկ ներքին ներդրողներու հարցով, երբ ընկերութիւն մը կ'որոշէ դառնալ բաց բաժնետիրական ընկերութիւն եւ ֆինանսական միջոցներ ներգրաւել ոչ թէ հայկական դրամատուներէն բարձր տոկոսներով այլ օրինակ բաժնետոմսեր վաճառելով, այն որեւէ հաւանական գնորդի համար պէտք է ըլլայ թափանցիկ, գնորդը պէտք է գիտնայ ինչ համակարգով եւ սկզբունքներով տուեալ ընկերութիւնը կ'առաջնորդուի, թափանցիկութիւնը կը պարտադրէ, որ ընկերութիւնը որդեգրէ չափանիշներ, որոնք վստահութիւն ներշնչեն որեւէ գնորդի, ինչպէս օրինակ՝ ունենայ տնօրէններու խորհուրդ, որ վերահսկէ ընկերութեան ղեկավարման արդիւնաւէտութիւնը: Հայաստանի մէջ մարդիկ իրենց թէկուզ փոքր գումարները դրամատան մէջ կը պահեն, որպէս աւանդ, մինչդեռ կրնան ներդրում ընել որոշակի ձեռնարկութեան մէջ, եւ ունենան եկամուտ, միջոց մը, որ նոյնպէս կը զարգացնէ երկրի տնտեսութիւնը:
Իսկ հանքարդիւնաբերութեան վերաբերեալ իմ կարծիքով որոշակի երաշխիքներ ունինք ներդրում ընելու, ոլորտը ամբողջութեամբ պաշտպանուած է, ընկերութիւններ կան, որոնց աշխատանքը երբեք չէ խափանուած եւ բնականոն կ'աշխատին երկար տարիներէ ի վեր:
Ամէն ընկերութիւն իր հզօրութեան չափով ունի նախագիծեր, որոնց կառավարմամբ կը զբաղի որոշակի գիտական եւ կրթական հիմունքներով, եւ կը կարծեմ Հայաստանի մէջ նախագիծերու կառավարումը (project management) ամենօրեայ գործընթացք է: Մեր գործունէութեան՝ հանքարդիւնաբերութեան մէջ ունինք ծանրագոյն նախագիծեր, օրինակ՝ օտար հանրապետութիւններու հետ յարաբերութիւններ, պայթուցիկ նիւթերու ներմուծում արտադրական նպատակներու համար, առեւտուրի պայմանագիրներ, փոխադրային հարցեր, եւ այլն, այս բաւական մեծ նախագիծի իրագործման ժամանակ բարդ խնդիրներ ի յայտ կու գան, եւ ժամանակի ընթացքին կը լուծուին շնորհիւ գրագէտ եւ ատակ անձնակազմի»։