Ռուսիոյ եւ Եւրոպական երկիրներու միջեւ կապերու վերականգնման հեռանկարներ կան, որովհետեւ ԵՄ-ի ղեկավարութիւնը երկար ժամանակ պիտի չկարենայ լռեցնել իր քաղաքացիներու ձայները։ Այս մասին «Քոմերսանթ»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու։
«Մենք բոլորս կը տեսնենք, թէ ինչպէս կը բազմապատկուի այն եւրոպացիներուն թիւը, որոնք կասկածի տակ կը դնեն Պրիւքսէլի՝ Ռուսիոյ հետ անվերապահ բախման քաղաքական ուղղութեան ճշմարտութիւնը։ Որքան աւելի երկար ԵՄ-ն անտեսէ իր քաղաքացիներու շահերը եւ՝ «ռուսական սպառնալիք» կոչուող պատրուակով՝ վատթարացնէ անոնց բարեկեցութիւնը, այնքան աւելի դժուար պիտի ըլլայ լռեցնել այն ձայները, որոնք կը ձգտին փոխշահաւէտ համագործակցութեան եւ խաղաղ համակեցութեան՝ մեր երկրի հետ», — ընդգծած է Շոյկուն։
Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը յիշեցուցած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, առաջնորդուելով այս սկզբունքով, 2024 թուականին առաջադրած է Եւրասիական անվտանգութեան ճարտարապետութեան ձեւաւորման հայեցակարգը։
«Մենք պատրաստ ենք Եւրոպայի հետ հաւասար երկխօսութեան։ Թէ ինչ մարտավարութիւն պիտի ընտրեն Եւրոպական մայրաքաղաքները՝ իրենց որոշելիքն է։ Բայց ես կ՚ուզեմ յիշեցնել մեծ ռուս հրամանատար Սուվորովի խօսքերը․ «Ռուսը կը տարբերուի հաւատքով, հաւատարմութեամբ եւ բանականութեամբ։ Ամբողջ Եւրոպան ապարդիւն պիտի շարժի դէպի Ռուսիա. այնտեղ պիտի հանդիպի Թերմոփիլներուն, Լէոնիտասին ու իր իսկ գերեզմանին»։