«Մենք ոչ միշտ ամէն ինչին նոյն աչքով կը նայինք, բայց այդ մեր ներքին գործերն են եւ մենք կրնանք մենք մեզի լուծել այդ հարցերը: Եկէք կեդրոնանանք մեզի համար աւելի համաշխարհային հարցերու վրայ, ինչպիսիք են՝ Չինաստանի տնտեսական պարտադրողական կիրառումը, որուն մենք երկուքս ալ առնչուած ենք եւ այն սպառնալիքը, որ կու գայ թշնամի դերակատարներէն, ինչպիսիք են՝ Ռուսիան, Չինաստանը, Իրանը», - ընդգծած է Քալլաս:
Եկէք կեդրոնանանք այն բաներուն վրայ, որոնք մենք կրնանք ընել համատեղ, ինչ օգուտ կրնանք տեսնել այդ անվտանգութեան ռազմավարութենէն, որովհետեւ մենք դեռ դաշնակիցներ ենք Ամերիկայի հետ, յայտարարած է Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Քայա Քալլաս պատասխանելով լրագրողի այն հարցին, թէ ինչ կը մտածէ ԵՄ Թրամփի վարչակազմի այն յայտարարութեան մասին, որ Եւրոպան անկման վիճակի մէջ է եւ կոչ ըրած է ձեւաւորելու դիմադրողականութիւն Եւրոպայի ներկայ ուղիի նկատմամբ: