image

Այցելութիւն Նէափոլ քաղաք. Սուրբ Պատարագ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ (San Gregorio Armeno) տաճարին մէջ

Այցելութիւն Նէափոլ քաղաք. Սուրբ Պատարագ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ (San Gregorio Armeno) տաճարին մէջ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի գրասենեակէն «Արեւելք»ին յղուած հաղորդագրութիւնէն կը կարդանք՝

Շաբաթ, 5 Ապրիլ 2025-ին, Իտալիոյ Նէափոլ քաղաքի San Gregorio Armeno (Ս․ Գրիգոր Հայ) Եկեղեցւոյ սուրբ կամարներու ներքոյ, ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս Ս. Գրիգոր  Լուսաւորիչի  մուտն ի Վիրապի յիշատակութեան օրը հնչեցին Սուրբ եւ անմահ պատարագի հոգեթով մեղեդիներ։

Հայ ուխտաւորներ՝ Պելճիքայէն, Լեհաստանէն, Հոլանտայէն, Ֆրանսայէն եւ Իտալիոյ տարբեր մարզերէն, ժամանած էին երկրպագելու հոն զետեղուած Հայոց առաջին Հայրապետի՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքները՝ անոր բարեխօսութիւնն ու օրհնութիւնը հայցելու։ Անոնց միացած էին նաեւ քանի մը իտալացի հիւրեր, ինչպէս Իտալիոյ Մարտիկներու եւ Վեթերաններու Ազգային Միութեան Պոմպէյ քաղաքի (Pompei) գրասենեակի նախագահ Րոտոլֆո Արմենիոն եւ քարտուղար Պասքուալէ Սկետտինոն, որոնք մեծ ակնածանքով մասնակից դարձան այս հանդիսաւոր հոգեպարար արարողութեան։

Պատարագը մատուցեց Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Գերշ. Տ․ Խաժակ Ս․ Արք․ Պարսամեան՝ հանդիսութեան ներկայ էին Պէլճիքայի եւ Իտալիոյ Հայրապետական պատուիրակութեան հոգեւոր սպասաւորները՝ ուղեկցութեամբ նաեւ Լեհաստանի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Տէր Մինաս Աբեղայ Հախվերդեանի։ Իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Նէափոլի Անգլիկան Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ պաստոր՝ Մայր Ժիւլ Քէյվ Պերկվիստը։

Պատարագի ընթացքին ոգեշնչող քարոզով հանդէս եկաւ Նէափոլի հոգեւոր առաջնորդի փոխանորդ՝ Եպիսկոպոս Կայետանո Քասթելլոն։ Ան Սրբազան Հօր փոխանցեց Նէափոլ քաղաքի առաջնորդ Կարտինալ Տոմենիքո Պատալիայի սրտագին ողջոյնները եւ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի տօնի առթիւ միասնաբար համախմբուելու յատուկ հրաւէրի համար։ Եպիսկոպոսը ընդգծեց, որ այս տօնակատարութիւնը քրիստոնէական եղբայրական համագործակցութեան շօշափելի եւ կարեւոր խորհրդանիշն է, որ կը միաւորէ երկու Եկեղեցիները։

Այս տարուան ընթացքին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Յոբելինական տարին կը համընկնէր Նիկիոյ Առաջին Տիեզերական Ժողովի 1700-ամեակի յիշատակութեան օրերուն․ Եպիսկոպոսը կարեւորեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի լուսաշող կերպարը՝ նշելով անոր առաքելութեան բնորոշ երկու հիմնական առաքինութիւններ՝ հաւատքն ու յոյսը։

Պատմական այս փուլի ընթացքին, երբ այդ առաքինութիւնները կարծես կը խամրէին ժամանակակից անորոշութիւններու ծանրութեան ներքոյ, կաթոլիկ եկեղեցականը կոչ ըրաւ ներկաներուն համախմբուիլ Քրիստոսի Մարմինի եւ Արեան շուրջ, որոնք հաւատքի եւ յոյսի անսպառ աղբիւր են, որպէսզի աստուածային այս պարգեւներով զօրացած՝ կարենան նորոգ ջերմեռանդութեամբ Աւետարանը վկայել ողջ աշխարհին։

Պատարագի աւարտին Խաժակ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Եպիսկոպոս Գայեդանո Գասդելլոյին եւ խնդրեց անկէ իր եղբայրական ջերմ ողջոյնները փոխանցել Նէափոլի առաջնորդ Կարտինալ Պատալիային։ Ան նաեւ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց միանձնուհիներուն՝ անոնց աղօթական ներկայութեան, նուիրուածութեան եւ ծառայութեան համար՝ ընդգծելով, որ անոնց խաղաղ ներկայութիւնը անբաժանելի մասն է նման հոգեւոր տօնակատարութիւններու։ Ապա դիմեց ուխտաւորներուն, ըսելով․

«Մեր Հօր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի «Մուտն ի Վիրապ» տօնի առիթով դուք եկած էք այս ուխտավայր՝ խոնարհելու Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբազան մասունքներու առջեւ եւ վերստին յիշելու մեր արմատները՝ որ մենք քրիստոնեայ ժողովուրդ ենք։ Լուսաւորիչի տեսիլքի միջոցով Քրիստոս իջաւ մեր երկիրը, սրբագործեց հայոց հողը եւ հիմնեց Սուրբ Էջմիածինը՝ իբրեւ մեր հաւատքի կեդրոն։ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի բարեխօսութեամբ աղօթենք Տիրոջը՝ խաղաղութիւն պարգեւելու ողջ աշխարհին, եւ յատկապէս մեր հայրենիքին՝ Հայաստան աշխարհին»։

Պատարագէն ետք, ներկաները ուղղուեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի անունը կրող վանքի հիւրընկալ բակը, ուր սիրոյ սեղանին շուրջ, ջերմ ու ընկերական մթնոլորտի մէջ, հնարաւորութիւն ունեցան միմեանց հետ շփուելու, մտերմանալու եւ կիսուելու այդ օրուան հոգեւոր ապրումներով։