image
Հրատապ լուրեր:

Աւազակային յարձակում՝ «Երեւան մոլ»ի մէջ գործող դրամատան վրայ

Աւազակային յարձակում՝ «Երեւան մոլ»ի մէջ գործող դրամատան վրայ

Քիչ առաջ զինուած ավազակային յարձակում տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Այս մասին կը յայտնէ Shamshyan.com-ը։

Անյայտ անձը կազային ատրճանակով մտած է Արշակունեաց պողոտայի՝ «Երեւան մոլ» առեւտուրի կեդրոնի մէջ գործող դրամատուներէն մէկուն մասնաճիւղ եւ ատրճանակի սպառնալիքի տակ յափշտակած է մէկ կապոց գումար։

Տեղւոյն անվտանգութեան աշխատակիցները, քաղաքացիներն ու ոստիկանութեան Շէնգաւիթի բաժնի ու ոստիկանութեան պարեկային ծառայութեան Երեւանի գունդի պարեկները, վտանգելով իրենց կեանքը, վնասազերծած են այդ քաղաքացին, որ տեղափոխուած է ոստիկանութեան Շէնգաւիթի բաժին։

Այս պահուն դէպքի վայրի մէջ զննութիւն կը կատարէ Հայաստանի քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան Շէնգաւիթի քննչական բաժնի խումբը։

Փաստի առթիւ  նիւթեր կը նախապատրաստուին։

Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ յափշտակուած գումարը կը գերազանցէ 100 մլն դրամը, սակայն վերջնական գումարի չափը կը պարզուի։

Տեղւոյն վրայ ուժեղացած ծառայութիւն կը կատարեն Երեւանի գունդի պարեկները, որոնք սահմանազատած են տարածքը։