Երեւանի աւագանիի «Մայր Հայաստան» դաշինքի անդամ Նարինէ Հայրապետեանի առեւանգման վերաբերեալ ստացուած է հաղորդում, որու առթիւ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է։
Այս մասին Tert.am-ին յայտնած է Քննչական Կոմտէի մամուլի խօսնակ Գոռ Աբրահամեանը։
«Քննչական Կոմտէում նախաձեռնուել է քրէական վարոյթ՝ Քրէական օրէնսգրքի 191-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 5-րդ կէտով՝ մի խումբ անձանց կողմից անձին առեւանգելու յանցակազմով։ Ծաւալուն քննութիւն է հիմա իրականացւում՝ նախաքննութեամբ հաղորդմամբ ստացուած տուեալները ստուգելու նպատակով։
Ոստիկանութեանը տրուել է նաեւ յանձնարարութիւն՝ քննութեան համար նշանակութիւն ունեցող տեղեկութիւններ, տուեալներ ձեռք բերել եւ փոխանցելու վարոյթ իրականացնող մարմնին»,- մանրամասնած է Աբրահամեանը։