image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանը վատ է տրամադրուած, նրանց խաղաղութեան պայմանագիրը ձեռք չի տալիս. Իշխանական պատգամաւոր

Ատրպէյճանը վատ է տրամադրուած, նրանց խաղաղութեան պայմանագիրը ձեռք չի տալիս. Իշխանական  պատգամաւոր

Ատրպէյճանը կը խուսափի խաղաղութեան պայմանագիր կնքելէ, քանի որ վստահ է, որ ատկէ ետք ՀՀ տնտեսութիւնը կրնայ շատ արագ մեծ վերելք ապրիլ։ Այս մասին Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսած է Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Խաչատրեանը։

Անոր խօսքով` Ատրպէյճանը ամէն ինչ կ՚ընէ, որ այսօր չստորագրուի այնպիսի պայմանագիր, որ յստակ երաշխաւորուած կ՚ըլլայ։

«Ադրբեջանը վատ է տրամադրուած, գուցէ նրանց խաղաղութեան պայմանագիրը ձեռք չի տալիս։ Ադրբեջանը հասկանում է, որ Հայաստանի զարգացման համար լուրջ հեռանկարներ կը ստեղծուի ճանապարհների ապաշրջափակումով։ Այդ ամէնը նրանք շատ լաւ վերլուծում են եւ հետեւութիւններ են անում, եւ, բնականաբար, ոգեւորուած չեն, որ ՀՀ հեռանկարն այդպիսին լինի»,-ըսած է իշխանական պատգամաւորը։

Ըստ Խաչատրեանի` Ատրպէյճանը պայմանագիր ստորագրելու պարագային կ՚ուզէ, որ այն ըլլայ նոյեմբեր 9–ի նման փաստաթուղթ, որու կէտերը հնարաւոր կ՚ըլլայ խախտել։

«Մենք դա թոյլ չենք տալու։ Ադրբեջանի ուզելով չէ, կայ միջազգային հանրութիւն, կայ Արեւմուտք, կան բազմաթիւ երկրներ, եւ այսօր Ադրբեջանի վրայ դիւանագիտական ճնշումը մեծ է»,–ըսած է Խաչատրեանը։

Լրագրողի յիշեցման, որ Լաչինի միջանցքի ժամանակ ալ միջազգային հանրութիւնն ու Արեւմուտքը իրենց կոչերով կային, իշխանական պատգամաւորը յորդորեց չթերագնահատել միջազգային հանրութեան այսօրուան դիրքրոշումն ու ատոր արդիւնքները։

«Մէկ տարի առաջ Ադրբեջանի հռետորաբանութիւնն այլ էր`պատերզմի սպառնալիք եւ այլն, վերջին մէկ տարուայ ընթացքում այդ հռետորաբանութիւնն է փոխուել և ՀՀ–ի նկատմամբ միջազգային վերաբերմունքն է փոխուել։ Երբեւէ նման բան չէր կարող լինել, որ Հայաստանը, լինելով ԱՊՀ, ՀԱՊԿ կազմում, արեւմտեան երկրները նոյնիսկ մտածէին, որ կարելի է զէնք տրամադրել կամ վաճառել, բայց այսօր այդ հնարաւորութիւններն ունենք, ստանում ենք»,–ըսած է ան։

Անոր կարծիքով` այսօր ամէն ինչ կը կատարուի, որ ՀՀ–ն հաւասարակշռէ Ատրպէյճանի զինուած գերակայութիւնը։