Ատրպէյճանը կը պատրաստուի, եւ որքան թոյլ է Հայաստանը, այնքան հակառակորդը անոր մինչեւ վերջ վնասելու աւելի շատ հնարաւորութիւններ ունի։ Այս մասին NEWS.am-ի թղթակցի հետ զրոյցին ըսած է Հայաստանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի նախկին պետ, զօրավար-լեյտենանտ Նորատ Տէր-Գրիգորեանցը։
Ան դժուարացած է ըսել, թէ Ատրպէյճանը երբ կրնայ նոր յարձակում ձեռնարկել։
Տէր-Գրիգորեանցն ըսած է, որ Փաշինեանը ոչնչացուցած է Հայաստանի զինուած ուժերու մարտունակութիւնը՝ կոչ ընելով վերականգնելու այն, իսկ «հակառակ պարագային պատերազմ կ'ըլլայ, եւ Հայաստանը ամբողջութեամբ կը կործանի»։
Անոր գնահատմամբ, Հայաստանի իշխանութիւնները 44-օրեայ պատերազմէն առաջ աւերած են բանակը, իսկ յետոյ սկսած են կամաւորներ փնտռել։
Զօրավարը կոչ ըրած է վերականգնելու ռազմական քաղաքականութիւնը, ռազմական վարդապետութիւնը (doctrine), զօրահաւաքի տեղակայման ծրագիրը, երկրի խաղաղ վիճակէն ռազմական իրավիճակի անցնելու ծրագիրը։
«Այդ պարագային Հայաստանը զօրաւոր կ'ըլլայ եւ անոր վրայ չեն յարձակիր։ Եթէ անգամ Հայաստանի իշխանութիւնները սա քննադատութիւն կը համարեն, թող այդպէս ալ մտածեն, բայց խնդիրները վերացնեն»,- նշած է ան: