Յունիս 13-ին՝ ժամը 11:30-11:45-ը, Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ կրակ բացած են Տրետուքի եւ Սոթքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:
Տեղեկութիւնը յայտնած են ՀՀ պաշտպանական գերատեսչութենէն:
Սոթքի հատուածին մէջ Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերը կիրառած է նաեւ ականանետ: Հայկական կողմը կորուստներ չունի: