image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանը ցեղասպան պետութիւն է․ Լեմքինի հիմնարկը կոչով դիմած է ՄԱԿ-ին

Ատրպէյճանը ցեղասպան պետութիւն է․ Լեմքինի հիմնարկը կոչով դիմած է ՄԱԿ-ին

Ցեղասպանութիւններու կանխարգելման Լեմքինի անուան հիմնարկը ՄԱԿ-ին կոչ ըրած է դադրեցնելու Ատրպէյճանին աջակցութիւնը ՄԱԿ–ի կլիմայի փոփոխութեան 29-րդ համաժողովի (COP 29) կայացման հարցով։

«Ատրպէյճանը ցեղասպան պետութիւն է, որ կը ղեկավարուի այն նախագահի կողմէ, որ պարբերաբար կ՚արտայայտէ հայերու նկատմամբ ցեղասպանութեան գաղափարախօսութիւնը։ Այդ շարքին` անոնց կ՚անուանէ շուներ, շնագայլեր եւ ահաբեկիչներ։ Ներկայիս Ատրպէյճանն անօրինական կերպով կը պահէ շուրջ 300 հայ եւ կը հրաժարի ազատ արձակել անոնց, այդ շարքին՝ Արցախի Հանրապետութեան (Լեռնային Ղարաբաղի) ընտրուած իշխանութեան 8 անդամ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ որոշ ձերբակալուածներ ենթարկուած են խոշտանգումներու, ու միջազգային հանրութիւնը պէտք է մերժէ ցեղասպանութեան եւ ատոր գաղափարախօսութեան կարգաւորումը եւ դադրեցնէ աջակցութիւնը Ատրպէյճանին՝ որպէս COP29 համաժողովն ընդունող երկիր:

«ՄԱԿ-ը պէտք է չեղարկէ Ատրպէյճանի՝ որպէս COP29-ի ընդունող երկրի ճանաչումը, կա՛մ գտնէ այլ հիւրընկալող երկիր»,-ըսուած է Լեմքինի հիմանրկի յայտարարութեան մէջ: