Մարդուն կարելի չէ պարտադրել գոյութեան միջոցներ ստանալ մէկէն, որ բացայայտօրէն կը սպանէ կամ կը սպառնայ սպանել այդ մարդը, այդպիսի երեւոյթները յատուկ էին միայն ստրկատիրական հասարակարգերուն: Նման յայտարարութիւն ըրած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեանը` անդրադառնալող Ատրպէյճանի կեղծ մարդասիրութեան։
Ան ընդգծած է, որ 2020 թուականի 3 նոյեմբերին, եռակողմ յայտարարութեան բնագիրը կազմելու ու այն ստորագրելու ժամանակ, մասնակից կողմերը իրաւացիօրէն եկած էին այն եզրայանգման, որ Արցախի ժողովուրդի գոյութիւնը, անոր անվտանգութիւնը, արտաքին աշխարհի հետ անվտանգ կապը ապահովելը հնարաւոր է բացառապէս Հայաստանի Հանրապետութեան հետ անխոչընդոտ կապի առկայութեան պայմաններուն մէջ, որու համար նախատեսուած է Լաչինի միջանցքը:
«Արցախի ժողովրդի կողմից հումանիտար օգնութիւնը ՀՀ-ից ստանալու եւ ՀՀ-ի հետ կապ ունենալու պահանջը ոչ թէ կամակոր ցանկութիւն է, այլ սեփական անվտանգութեան եւ պարզապէս ինքնապահպանութեան գիտակցում, ինչն ամբողջութեամբ տեղաւորւում է միջազգային մարդասիրական իրաւունքի տրամաբանութեան մէջ»,–նշած է Ներսիսեան:
Արցախի պետական նախարարը անգամ մը եւս բոլորի ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն փաստի վրայ, որ 2022 թուականի 12 դեկտեմբերէն Ատրպէյճանը Արցախի մէջ դիտաւորութեամբ ստեղծած է մարդասիրական ճգնաժամ, փակած է Արցախը Հայաստանին կապող ճանապարհը, այդ ընթացքին կազմակերպած է սպանութիւններ, սպանութեան փորձեր, գոյքի ոչնչացման եւ վնասման դէպքեր, կիրառած է ռազմական ուժ, ցուցադրած է ատոր կիրառման սպառնալիք եւ այդ ամէնուն զուգահեռ սկսած է պարտադրել մարդասիրական օգնութիւն՝ իր «ձեռքէն» ու իր առաջարկած ճանապարհով:
Ան յիշեցուցած է, որ քաղաքացիական անձանց պաշտպանութեան մասին Ժընեւի համաձայնագիրը կ'երաշխաւորէ առանց խտրականութեան մարդասիրութիւնը եւ հակառակը՝ կ'արգիլէ նուաստացուցիչ, վիրաւորական եւ մարդկային արժանապատւութիւնը ստորացնող մարդասիրութիւնը:
«Իսկ այսօր Ադրբեջանը հարկադրանքի, բռնութեամբ ու բռնութեան սպառնալիքի գործադրմամբ հենց այդպիսի «մարդասիրութիւն» է փորձում մատուցել Արցախի ժողովրդին»,–նշած է ան: