image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանն ու Թուրքիան մինչեւ տարեվերջ պիտի ընդունին համագործակցութեան նոր ճանապարհային քարտէզ

Ատրպէյճանն ու Թուրքիան մինչեւ տարեվերջ պիտի ընդունին համագործակցութեան նոր ճանապարհային քարտէզ

Ատրպէյճանն ու Թուրքիան մինչեւ այս տարուան վերջ պիտի ընդունին համագործակցութեան նոր ճանապարհային քարտէզ։

Այս մասին Report-ին յայտնած է Թուրքիոյ արդիւնաբերութեան եւ արհեստագիտութիւններու փոխնախարար Մուհամետ Քասիմ Կեոնիւլուն։

Անոր խօսքով, փաստաթուղթը կը պատրաստուի Ատրպէյճանի ճարտարարուեստի նախարարութեան հետ համատեղ։

Ան ընդգծած է երկու երկիրներու յաջող համագործակցութիւնը բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, այդ շարքին՝ օրինաչափման ոլորտի մէջ:

Ան նշած է, որ Թուրքիան ատրպէյճանական կողմին տրամադրած է թրքական չափանիշները եւ կը նպաստէ այդ երկրի արդիւնաբերութեան զարգացման: