ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս Արցախի շրջափակման վերաբերեալ քննարկումը ոչինչ տուաւ։ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը պէտք է աւելի վճռական քայլեր ձեռնարկէ։ Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ատամ Շիֆը Twitter–ի իր էջին հրապարակած տեսաուղերձին մէջ։
«Արցախի մէջ մարդասիրական սուր ճգնաժամ է։ Արցախի 120 հազար բնակիչ զրկուած են սննդամթերքի, դեղորայքի եւ այլ հնարաւորութիւններէ։ Մարդիկ կը մահանան»,–ըսած է քոնկրեսականը տեսանիւթին մէջ։
Ան յիշեցուցած է, որ Արցախի մէջ ապրող հայերը այս պահուն կը շարունակեն մնալ շրջափակման մէջ, քանի որ Ատրպէյճանը փակած է Արցախը Հայաստանին կապող կեանքի ճանապարհը` Լաչինի միջանցքը։
«Արձագանգը պէտք է ըլլայ հասցէկան, ու այն պէտք է ըլլայ հրատապ կարգով»,–ըսած է ան։
Շիֆ տեղեկացուցած է, որ հեռախօսազրոյց ունեցած է ՄԱԿ–ի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցչի հետ ու խօսած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի մասին։
«Ցաւօք, ոչինչ տուաւ նիստը։ Անհրաժեշտ է բանաձեւ, որ կը պահանջէ դադրեցնել միջազգային իրաւունքի այս խախտումը, անհրաժեշտ է ապահովել պարէնի եւ դեղորայքի ազատ հասանելիութիւնը, ինչպէս նաեւ մարդոց ազատ տեղաշարժը», - յայտարարած է Ատամ Շիֆ։
Ըստ քոնկրեսականի`Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը պէտք է շատ աւելին ընեն, քան հիմա, եւ, առաջին հերթին, դադրեցնեն ռազմական օգնութիւնն Ատրպէյճանին։
«Ատրպէյճանին, առհասարակ, ոչ մէկ կոպէկ պէտք է տրամադրել, յատկապէս այն պարագային, երբ այդ աղէտը կը շարունակուի։ Վարչակազմը պէտք է խօսի եւ գործէ, հակառակ պարագային մարդիկ պիտի շարունակեն մահանալ։ Ես խորապէս մտահոգուած եմ հայոց նոր ցեղասպանութեան վտանգով»,- յայտարարած է քոնկրեսականը։
Աւարտին ան յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմը Հայաստանի դէմ յանգեցուց հազարաւոր մարդոց մահուան, այդ երկիրը կը շարունակէ նաեւ ապօրինի պահել ռազմագերիները՝ խախտելով միջազգային իրաւունքը: Ասոնք, ըստ Ատամ Շիֆի, չափազանց լուրջ խնդիրներ են, բայց այս պահուն առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակումը։