Ատրպէյճանի ռազմական ծախսերը իւրաքանչիւր տարի նախորդ տարուան համեմատ կ՚աճին։ Հայաստանի Արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը զեկոյց հրապարակած է, որուն մէջ Ատրպէյճանի պիւտճէին մէջ ռազմական եւ այլ ոլորտներու 2024-2026-ի յատկացումները համեմատուած են 2023-ի նոյն յատկացումներու հետ։
Պարզուած է՝ 2026-ի ռազմական յատկացումներն աճած են շուրջ 44%-ով, իսկ միւս ոլորտային յատկացումները՝ ընդամէնը 7,4%-ով։
2026-ի պարագային նոյնիսկ ոչ ռազմական ոլորտներու յատկացումներու որոշակի նուազում կայ՝ 2025-ի համեմատ, մինչդեռ ռազմական ոլորտի յատկացումները 2026-ի համար շարունակած են աճիլ։
2026-ին Ատրպէյճանի ռազմական ծախսերու համար յատկացուած է 5 միլիառ 126 միլիոն 350 հազար տոլար, 2025-ին՝ 4 միլիառ 939 միլիոն տոլար, 2024-ին՝ 4 միլիառ 191 միլիոն 970 հազար տոլար, 2023-ին՝ 3 միլիառ 561 միլիոն 670 հազար տոլար։