Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան երկու աշխատակից «persona non grata» (անցանկալի անձ) ճանչցուած են եւ անոնց կարգադրուած է 48 ժամուան ընթացքին լքել երկիրը։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդած է, որ Պաքուի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Պոյոնը կանչուած է Արտաքին գործոց։
«Անոր տեղեկացուած է, որ Ֆրանսայի դեսպանատան երկու աշխատակից Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ ճանչցուած են «փերսոնա նոն կրաթա»՝ դիւանագիտական կարգավիճակին անհամատեղելի եւ 1961 թուականի Վիեննայի դիւանագիտական յարաբերութիւններու համաձայնագրին հակասող գործունէութեան պատճառով», -ըսուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Ֆրանսական կողմին ներկայացուած է համապատասխան բողոքի գիր։
Նշենք, որ Ատրպէյճանը պարբերաբար կը թիրախաւորէ ֆրանսական կողմը՝ Փարիզը մեղադրելով «հայամէտ» դիրքորոշման համար։ Ատրպէյճանական կողմի քննադատութիւնը յատկապէս սաստկացած է պաշտպանական ոլորտի մէջ հայ-ֆրանսական համագործակցութենէն ետք։