image

Ատրպէյճանի համար թիւ 1 առաջնահերթութիւն է ռազմակшն հզօրութեան աւելացումը. Ալիեւ

Ատրպէյճանի համար թիւ 1 առաջնահերթութիւն է ռազմակшն հզօրութեան աւելացումը. Ալիեւ

Ատրպէյճանի համար թիւ 1 առաջնահերթութիւն է ռազմական հզօրութեան աւելացումը, յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ ելոյթ ունենալով Միլի մեճլիսի (Խորհրդարան) մէջ:

«Աշխարհի մէջ տեղի ունեցող գործընթացները, նոր հակամարտութեան օճախներու ի յայտ գալը, պատերազմներն ու մեր շուրջ լարուածութեան աճը, Հայաստանի մէջ վրէժխնդրական միտումները մեզի կը ստիպեն անընդհատ ուշադրութիւն դարձնել ռազմական հզօրութեան հարցին», -ըսած է ան:

Ալիեւի պնդմամբ, եթէ Պաքուն քիչ ուշադրութիւն դարձնէ ռազմական ոլորտին եւ չապահովէ ատոր յատկացուող միջոցներու պատշաճ մակարդակը, ապա ապագային կրնան խնդիրներ առաջանալ։