image

Ատրպէյճանի հաղորդագրութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան

Ատրպէյճանի հաղորդագրութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը, թէ իբր մարտ 4-ին՝ ժամը 22։05-ի սահմաններուն, ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի հարաւարեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան։

Այս մասին յայտնած են ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմն առաջարկած է հրադադարի ռեժիմի խախտման դէպքերու եւ/կամ այդ մասին տեղեկութիւններու հետաքննութեան Հայաստան-Ատրպէյճան համատեղ մեխանիզմ ստեղծել, որուն մինչեւ օրս Ատրպէյճանը չէ արձագանգած։