Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Լեյլա Ապտուլլաեւան նոյեմբեր 19-ին կանչուած է Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործերու նախարարութիւն. պատճառն ատրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ Ֆրանսայի եւ եւրոպացիներու դէմ անընդունելի յայտարարութիւններն են:
Ինչպէս ըսուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ, կանչը հետեւած է COP29-ի շրջածիրին մէջ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ Ֆրանսայի եւ եւրոպացիներու հասցէին եղած անընդունելի արտայայտութիւններուն, որոնց պատճառով բնապահպանական փոխակերպումներու, ուժանիւթի, կլիմայի եւ վտանգներու կանխարգելման նախարար տիկին Անիես Պանիէ-Ռունաշէն ստիպուած եղած է չեղարկել իր մասնակցութիւնը ՄԱԿ-ի այս համաժողովին։
«Ատրպէյճանի թշնամական գործողութիւնները պէտք է դադրեցուին»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: