image

Ատրպէյճանէն հրաւէր՝ Հայաստանին

Ատրպէյճանէն հրաւէր՝ Հայաստանին

Ատրպէյճանը Հայաստանը հրաւիրած է COP29 կլիմայական գագաթնաժողովին:

Այս մասին կիրակի օր յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը:

Հիքմեթ Հաճիեւ լրագրողներուն յայտնած է, որ հրաւէր ուղարկուած է Երեւան։

«Հրաւէրն ուղարկուած է խաղաղ գործընթացի լոսյին տակ, որու նպատակն է վերջ դնել Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ տասնամեակներ շարունակուող հակամարտութեան, որոնց միջեւ մինչ օրս պաշտօնական դիւանագիտական յարաբերութիւններ չկան», -յայտարարած է Հաճիեւ:

«Մուխթար Պապաեւը (COP29-ի նախագահ) հրաւէրով նամակ յղած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին։ Մենք պաշտօնական հրաւէր ուղարկած ենք», -յայտարարած է Հաճիեւ:

ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային համաձայնագրի Մասնակիցներու համաժողովի 29-րդ նստաշրջանը («COP29») 2024 թուականի նոյեմբերին պիտի կայանայ Ատրպէյճանի մէջ: