22 Օգոստոս 2022-ին «Ատրպէյճանի բարելաւում եւ ջրային տնտեսութիւն» ընկերութեան ներկայացուցիչները տեղական փորձագէտներու մասնակցութեամբ ստուգած են Սարսանգի ջրամբարը։
Ինչպէս տեղեկացուցած է ատրպէյճանական ԱՊԱ գործակալութիւնը, ստուգման նպատակը Սարսանգի ջրամբարին մէջ տեխնիկական հսկողութեան իրականացումն էր, ներկայ իրավիճակին ծանօթանալը, Թարթառ գետէն եկող եւ ջրամբարէն դուրս եկող ջուրի ժամանակացոյցը եւ այլն:
Աղբիւրը նշած է, որ «հանդիպումն ու բանակցութիւններն անցած են փոխըմբռնման եւ կառուցողականութեան պայմաններու մէջ»։ Ըստ լրատուականի՝ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ նման հանդիպումներն ու այցելութիւնները այդ տարածք հետագային պիտի շարունակուին:
Նշենք, որ Սարսանգի ջրամբարը կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան տարածքին, իշխանութիւնները չեն մեկնաբանած, թէ ինչպէս ատրպէյճանցիներուն թոյլ տրուած է այցելել ջրամբարի տարածք։