image

Ատրպէյճանցի «բնապահպաններ» հանդիպած են Վոլքովին

Ատրպէյճանցի «բնապահպաններ» հանդիպած են Վոլքովին

Արցախի Իւանեան քաղաքին մէջ աւարտած է ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութեան եւ ատրպէյճանցի «բնապահպաններ»է կազմուած մշտադիտարկման խումբի քննարկումները:

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ խումբին բանակցութիւնները, ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար՝ Անտրէյ Վոլքովի հետ տեղի ունեցած են Իւանեան քաղաքի մէջ տեղակայուած խաղաղապահներու կեդրոնին մէջ ։ Բանակցութիւններէն ետք, ատրպէյճանցիները վերադարձած են բռնագրաւուած Շուշի։

Նշենք, որ ատրպէյճանական կողմը կը պնդէ, որ Արցախի մէջ տեղի  ունեցած է բնական պաշարներու ապօրինի շահագործում եւ իբրեւ թէ, անոնք պիտի փորձեն հետաքննել զայն:

Յիշեցնենք, որ 3 Դեկտեմբերին, քաղաքացիական հագուստով, ատրպէյճանական  խումբ մը «բնապահպաններ» քանի մը ժամ փակած էին Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիի՝ Շուշի-Քարինտակ խաչմերուկի հատուածը, որ կը հանդիսանայ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը: Այդ քայլին պատճառաբանութիւնը եղած է «բնապահպանութիւն»ը: Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար՝ Վոլքովի մասնակցութեամբ բանակցութենէն ետք, ատրպէյճանցիները բացած են ճանապարհը, որ  9 Նոյեմբերի համաձայնագիրով կը գտնուի ՌԴ խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ: