Արցախի Իւանեան քաղաքին մէջ աւարտած է ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութեան եւ ատրպէյճանցի «բնապահպաններ»է կազմուած մշտադիտարկման խումբի քննարկումները:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ խումբին բանակցութիւնները, ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար՝ Անտրէյ Վոլքովի հետ տեղի ունեցած են Իւանեան քաղաքի մէջ տեղակայուած խաղաղապահներու կեդրոնին մէջ ։ Բանակցութիւններէն ետք, ատրպէյճանցիները վերադարձած են բռնագրաւուած Շուշի։
Նշենք, որ ատրպէյճանական կողմը կը պնդէ, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցած է բնական պաշարներու ապօրինի շահագործում եւ իբրեւ թէ, անոնք պիտի փորձեն հետաքննել զայն:
Յիշեցնենք, որ 3 Դեկտեմբերին, քաղաքացիական հագուստով, ատրպէյճանական խումբ մը «բնապահպաններ» քանի մը ժամ փակած էին Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիի՝ Շուշի-Քարինտակ խաչմերուկի հատուածը, որ կը հանդիսանայ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը: Այդ քայլին պատճառաբանութիւնը եղած է «բնապահպանութիւն»ը: Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար՝ Վոլքովի մասնակցութեամբ բանակցութենէն ետք, ատրպէյճանցիները բացած են ճանապարհը, որ 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրով կը գտնուի ՌԴ խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ: