Ատրպէյճանական ստորաբաժանումները հրաձգային զէնքէ կրակ բացած են Ասկերանի շրջանի Ներքին Սզնեք համայնքին մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող քաղաքացիական անձանց ուղղութեամբ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
«Ադրբեջանական կողմը քաղաքացիական անձանց ուղղութեամբ կրակ է բացել յուլիսի 15-ին` ժամը 09:50–ի սահմաններում»,– նշած է ՊՆ–ն`հերքելով Ատրպէյճանի տարածած հերթական հաղորդագրութիւնը։
Գերատեսչութիւնն ընդգծած է` Ատրպէյճանի ՊՆ տարածած հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ իբր ՊԲ ստորաբաժանումները 15 յուլիսին ժամը 10։00-ի սահմաններուն փորձած են Ասկերանի շրջանին մէջ իրականացնել ամրաշինական աշխատանքներ, որոնք իբր թէ խափանուած են ատրպէյճանական կողմի գործողութիւններու հետեւանքով, հերթական ապատեղեկատւութիւնն է։
«Ադրբեջանի ՊՆ-ն այսկերպ փորձում է հիմնաւորել իր ստորաբաժանումների կրակը գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող քաղաքացիական անձանց ուղղութեամբ»,– ըսուած է Արցախի ՊՆ–ի հաղորդագրութեան մէջ։
Միջադէպի մասին հաղորդուած է ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան։